Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: