Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար շաբաթավերջին այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը համաձայն գտնուած է նոր կառավարութիւն կազմելու անհրաժեշտութեան իմաստով համադաշնակցութեան պահանջին:
Ասմար ըսաւ, թէ Աուտէ եպիսկոպոսը քաջածանօթ է Լիբանանի մէջ աշխատաւորներուն ապրած դժուար իրավիճակին` տիրող տնտեսական կացութեան պատճառով:
Ասմար խստիւ դատապարտեց լիբանանցի պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները անարդարօրէն աշխատանքէ արձակելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի յաւելումներ չշնորհելու հարցը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբի տագնապները, որոնք կը ստեղծեն ընկերային դժուար պայմաններ:
Նշենք, որ Ասմար հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հետ եւ հաստատած, որ իրենք անարդարօրէն աշխատանքէ արձակուած աշխատաւորներուն հարցով լուռ պիտի չմնան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի «Սատա Պալատ» օրաթերթի պաշտօնեաներուն:
Ասմար նշեց, որ այդ իմաստով իրենք կը պայքարին գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ դատական եւ տեղեկատուական ճակատներու վրայ: