Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարչապետ Հարիրիի Հետ Բնաւ Տարակարծիք Պիտի Չըլլամ, Եւ Հակառակ Բոլոր Գրգռութիւններուն Կառավարութիւնը Մօտիկ Ապագային Պիտի Կազմուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, թէ նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուեցան համամասնական ընտրական օրէնքին հիման վրայ, որպէսզի մեծամասնութիւններն ու փոքրամասնութիւնները ներկայացուին:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ քաղաքական կարգ մը գործակիցներ մերժած են այդ ձեւը եւ զայն նկատած փորձանք մը, որովհետեւ անոնք տուժած են, եւ անոնց երեսփոխանական պլոքները` փոքրացած: «Հետեւաբար կարելի չէ երեւակայական պահանջներով ներկայանալ եւ քաղաքական այլ ուժերու իրաւունքը պահանջել», ըսին նախագահ Աունի այցելուները` շեշտելով, որ ոմանք համայնքային ներկայացուցչութիւնը մենաշնորհի վերածելու պատրուակով կը ներկայանան խորհրդակցութիւններուն:

Անոնք նշեցին, որ ըստ նախագահ Աունի, այդ մենաշնորհեալներուն հետ նախորդ կառավարութիւններուն փորձառութիւնը քաջալերելի չէ եղած, որովհետեւ անոնք միայն իրենց շահերուն մասին է, որ կը մտածեն եւ ոչ թէ հաւաքական ու ազգային շահերուն:

Նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրները նշեցին, որ ան կը մերժէ արտաքին ազդակներ եւ միջամտութիւններ ներառել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ, որպէսզի երկրին անկախութիւնը չխոչընդոտուի:

Անդրադառնալով իր իշխանութեան ընթացքին վաւերացուած օրէնքներուն եւ կառավարութեան որոշումներուն` նախագահ Աուն նկատել տուած է, թէ իր նախագահած կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին արդէն իսկ վաւերացուած է նաւթի եւ բնական կազի արտահանման համաձայնագիրը: Ան աւելցուց, թէ իր իշխանութեան ընթացքին է, որ սիրողական նուազուրդները կասեցուեցան, դատական իշխանութեանց մէջ նշանակումները կատարուեցան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնակազմերու նշանակումները ամբողջական կերպով կատարուեցան:

Նախագահ Աուն խստիւ քննադատեց իշխանութեան դէմ ամբաստանութիւնները, որոնք կը միտին հարուածել իշխանութեան արձանագրած իրագործումները:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին նախագահ Աունի այցելուները յայտնեցին, որ այդ հոլովոյթը արգելակող թնճուկները տակաւին ի զօրու են` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հինգ նախարար կը պահանջէ եւ այդքանի իրաւունք չունի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը պահանջէ, որ տիւրզի համայնքին ներկայացուցիչը միայն ինք ըլլայ կառավարութեան մէջ` պահանջելով երեք նախարար: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ անճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը ձգտին ապահովել կառավարութեան որոշումները խոչընդոտելու մէկ երրորդը` աւելցնելով, որ ինք սահմանադրական իր իրաւասութեամբ անոր կարիքը չունի: «Ինչո՞ւ միշտ հանրապետութեան նախագահը եւ Հզօր Լիբանան համախմբումը իրարու կը կապեն», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

Անոնք ըսին, որ նախագահ Աունի համաձայն,  հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կրնան կասեցնել կառավարութեան աշխատանքները, եթէ անոնց միջեւ տարակարծութիւն ըլլայ, «իսկ անոնք բնաւ տարակարծիք պիտի չըլլան», նշեցին անոնք:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ հակառակ ամէն տեսակի տարաձայնութիւններուն եւ գրգռութիւններուն, նախագահ Աուն մեծ հաւանականութիւն կը տեսնէ, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի:

Նախագահ Աունի այցելուները նշեցին անոր գոհունակութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումին ու սրտերու լուացումին համար` ընդգծելով, որ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ հարցերը այդ աստիճանի պէտք չէ բարդանան:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Աւելի Թանկագին Է, Քան` Անցեալին Արտասանուած Կարգ Մը Եզրեր, Որոնք Շրջանցած Ենք»

Յաջորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ներկայացուցիչներ Այցելած Են Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.