Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեքշաբթի երեկոյեան պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուելիք յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի տօնակատարութեան առիթով: Կը նախատեսուի, որ սէյիտ Նասրալլա տարբեր ուղղութիւններով յղէ նաեւ քաղաքական տարբեր պատգամներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու Սէուտական Արաբիոյ եւ մերժելու Ռիատի ներքին հարցերուն միջամուխ դարձող որեւէ կեցուածք կամ տեսակէտ: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի...

Մինչ Կառավարութեան Արագ Կազմութիւնը Աւելի Անհրաժեշտ Կը Դառնայ, Այդ Հոլովոյթը Խոչընդոտող Արգելքները Կը Յամենան

Հակառակ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել պահանջող կոչերուն եւ հետզհետէ կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութեան շեշտադրման` երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն իրավիճակը բարելաւելու նպատակով, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցերը տակաւին կը մնան անլոյծ: Յամեցող արգելքներուն շուրջ կան շարք մը հաւանական վարկածներ, որոնցմէ են անոնք ներքին լիբանանեան թէ արտաքին ըլլալու հաւանականութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած պահանջներն ու զիջելու պատրաստակամութեան չգոյութիւնը: Միւս կողմէ,...

Նախագահ Աուն Դատաւոր Ֆահըտի Հետ Քննարկած Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ունեցած Ազդեցութիւնը` Դատական Իշխանութիւններուն Վրայ

Նախագահ Աուն Դատաւոր Ֆահըտի Հետ Քննարկած Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ունեցած Ազդեցութիւնը` Դատական Իշխանութիւններուն Վրայ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ունեցաւ շարք մը այցելուներ, որոնց հետ քննարկեց քաղաքական, դատական եւ տնտեսական հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ազդեցութիւնը`...

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Հիմնական Խոչընդոտը Նախարարութիւններու Պահանջներն Են»

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Հիմնական Խոչընդոտը Նախարարութիւններու Պահանջներն Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական եւ ապրուստի ծանր ու ճնշող պայմանները: «Եթէ աղքատութիւնը պատուհանէն մուտք գործէ, ապա հաւատքը դռնէն դուրս կ՛ելլէ», ըսաւ Պըրրի: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է` աւելցնելով, որ հիմնական խոչընդոտը նախարարութիւններու պահանջներն են: Անդրադառնալով...

Հարիրի. «Լիբանանի Շահերն Ու Անոր Սահմանային Անդորրը Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Կատարեալ Համագործակցութիւն Կ՛ենթադրեն»

Հարիրի. «Լիբանանի Շահերն Ու Անոր Սահմանային Անդորրը Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Կատարեալ Համագործակցութիւն Կ՛ենթադրեն»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Վարչապետ Հարիրի այս կեցուածքները արտայայտեց Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին: Վարչապետ Հարիրի մեծապէս գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը հարաւային...

Պասիլ. «Ներկայ Իշխանութիւնները Հարուածող Քաղաքական Գործիչներուն Եւ Լրագրողներուն Քաղաքական Ինքնութիւնն Ու Մտքի Սնանկութիւնը Յստակ Են Բոլորին»

Պասիլ. «Ներկայ Իշխանութիւնները Հարուածող Քաղաքական Գործիչներուն Եւ Լրագրողներուն Քաղաքական Ինքնութիւնն Ու Մտքի Սնանկութիւնը Յստակ Են Բոլորին»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկատուութեան մարզին մէջ լոյս կը տեսնեն եւ կը հնչեն այնպիսի յայտարարութիւններ, յօդուածներ եւ մեկնաբանութիւններ, որոնք անհիմն են, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին նախագահական ընտրապայքարի լուրերուն, որոնք բացայայտ արշաւներ են, որոնք կը գործադրուին...

Զօր. Աուն Ռաատի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Զօր. Աուն Ռաատի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Ռաատ եւ պատուիրակութիւնը շնորհաւորեցին զօր. Աունը Բանակի տօնին առիթով եւ մեծապէս գնահատեցին լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին սահմանները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ հայրենիքին կայունութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առումով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը: Զօր. Աունի...

Թեհրանի Մէջ.  Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Նիզար Զաքքայի

Թեհրանի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Նիզար Զաքքայի

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք յատուկ այցելութեամբ մը մեկնած է Իրան, ուր հանդիպում մը ունեցած է լիբանանցի արգելափակեալ Նիզար Զաքքայի հետ: Նշենք, որ Նիզար Զաքքա տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ կը վարէ Արհեստագիտութեան արաբական կազմակերպութեան եւ Ուաշինկթընի հետ հաղորդակցութիւններու ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: Զաքքա 18 սեպտեմբեր 2015-ին ձերբակալուած էր իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ, Թեհրանի մէջ խորհրդաժողովի...

Սարրաֆ. «Ոմանք Չեն Փափաքիր Բարեկարգում Կատարել Եւ Երկրին Տնտեսութիւնը Բարգաւաճեցնել` Անձնական Շահերէ Մղուելով»

Սարրաֆ. «Ոմանք Չեն Փափաքիր Բարեկարգում Կատարել Եւ Երկրին Տնտեսութիւնը Բարգաւաճեցնել` Անձնական Շահերէ Մղուելով»

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ հանրապետութեան հզօր նախագահին շուրջ միասնական գտնուելու փոխարէն, կը զբաղինք այլ հարցերով եւ կ՛ուշացնենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Կ՛ուզեմ հարց տալ, թէ ի՞նչ է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահը` այդ ուշացումէն», գրեց Սարրաֆ: Ան հարց տուաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը հարուածելու ծրագրուած արշաւներուն մասին` զարմանք յայտնելով, որ...

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Եւ Շրջանային Պայմանները ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Անխուսափելի Կը Դարձնեն»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Եւ Շրջանային Պայմանները ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Անխուսափելի Կը Դարձնեն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան` ընկերակցութեամբ Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոյի եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով մշակութային եւ քաղաքակրթական հասարակ յայտարարները: Անոնք ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը եւ գնահատեցին լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զինուորական օժանդակութիւն ապահովելու...

Հարիրի. «Բոլորը Զիս Պատասխանատու Կը Նկատեն Կառավարութեան Կազմութեան Արձանագրած Յապաղումին Համար, Մինչ Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժ Կառչած Կը Մնայ Իր Պահանջներուն»

Հարիրի. «Բոլորը Զիս Պատասխանատու Կը Նկատեն Կառավարութեան Կազմութեան Արձանագրած Յապաղումին Համար, Մինչ Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժ Կառչած Կը Մնայ Իր Պահանջներուն»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ երկրին իշխանութիւնը շրջափակելու որեւէ փորձ գոյութիւն ունի` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու գծով միջազգային հսկայ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել «Սետր»-ի խորհրդաժողովը: «Բոլորը զիս պատասխանատու կը նկատեն կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումին համար, մինչ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կառչած կը մնայ իր պահանջներուն», ըսաւ...

Նախարար Ա. Կիտանեան Պապական Նուիրակին Հետ Քննարկեց Լիբանան-Իտալիա Փոխադարձ Ուխտագնացութիւնները Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Նախարար Ա. Կիտանեան Պապական Նուիրակին Հետ Քննարկեց Լիբանան-Իտալիա Փոխադարձ Ուխտագնացութիւնները Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նոր նուիրակ Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոսին` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, զբօսաշրջական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի եւ ճամբորդական գրասենեակներու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտի: Հանդիպումին ընթացքին նշուեցաւ, որ  նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է 2019-էն սկսեալ Լիբանանը ուխտագնացութեան երկիրներու ցանկին վրայ նկատի ունենալու Վատիկանի նախաձեռնութեան համար: Հիմնուելով...

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Պահանջէ Արդար Ներկայացուցչութեան Կազմ Ունեցող Արդիւնաբեր Կառավարութիւն Մը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Պահանջէ Արդար Ներկայացուցչութեան Կազմ Ունեցող Արդիւնաբեր Կառավարութիւն Մը

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ անդրադառնալով 7 օգոստոսի դէպքերուն յայտնեց, որ օրին զիրենք ամբաստանած են գործակալութեան յանցանքով, իսկ այսօր զիրենք կ՛ամբաստանեն վարձկաններ ըլլալու յանցանքով: «Այսօր մենք կը վճարենք պետական հաստատութիւններուն մէջ համագործակցութեան տրամաբանութիւնը ամրապնդելու տուրքը», ըսաւ Պասիլ: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի չընկրկին փտածութեան եւ...

«Ելեկտրածին Շարժակներու Մատակարարած Ելեկտրականութեան Յատուկ Ժամացոյցները Պիտի Զետեղուին»  Շեշտեցին Մաշնուք, Ապի Խալիլ Եւ Խուրի

«Ելեկտրածին Շարժակներու Մատակարարած Ելեկտրականութեան Յատուկ Ժամացոյցները Պիտի Զետեղուին» Շեշտեցին Մաշնուք, Ապի Խալիլ Եւ Խուրի

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ելեկտրածին շարժակներուն վերաբերող հարցերը: Նիստէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մաշնուք, Ապի Խալիլ եւ Խուրի հաստատեցին, որ ելեկտրածին շարժակներուն մատակարարած ելեկտրականութեան յատուկ ժամացոյցները պիտի...

Զօր. Տել Քոլ Ստանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Ընդհանուր Հրամանատարութիւնը

Զօր. Տել Քոլ Ստանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Ընդհանուր Հրամանատարութիւնը

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի երէկ ընդհանուր հրամանատարութիւնը յանձնեց իտալացի զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի: Այս առիթով տեղի ունեցաւ զինուորական պաշտօնական արարողութիւն, որուն ընթացքին միջազգային խաղաղապահ ուժերու զոհերուն յիշատակը խորհրդանշող յուշարձանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը: Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի նիւթական տագնապ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ իր, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջեւ կատարուած հանդիպումը շատ լաւ կը նկատէ: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց փտածութեան եւ խաբէութեան դէմ պայքարի կառավարութեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը Եւ Հաստատեց Լրատուամիջոցներուն Շինիչ Դերակատարութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը Եւ Հաստատեց Լրատուամիջոցներուն Շինիչ Դերակատարութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Ծովային զբօսաշրջական հաստատութիւններու սենտիքան ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն շինիչ դերակատարութիւն ունենալու եւ ապատեղեկատուութիւն չսփռելու երկրին կենսոլորտին մասին, որովհետեւ անիկա Լիբանանին վնաս կը հասցնէ: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ աջ ու ձախ դատապարտումներ տարաձայնելը` առանց ճշմարտութիւնը հետազօտելու, մերժելի է: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ազատութեան...

Հարիրի Թրենթայի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Հարիրի Թրենթայի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան, որուն ընկերակցեցան Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մատուցուելիք զինուորական օժանդակութիւններու հարցը: Վարչապետը...

Պըրրի Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պըրրի Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան` ընկերակցութեամբ զինուորական պատուիրակութեան մը: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ողջունեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, որոնք պատմական են եւ հետզհետէ կ՛ամրապնդուին, ինչպէս նաեւ դրուատեց բոլոր մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը: Պըրրի մեծապէս գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղադրուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարագային Իտալիոյ ստանձնած կարեւոր եւ աշխուժ դերակատարութիւնը` ողջունելով ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր...

Պասիլ Ընդունեց Իրանի Նոր Դեսպանը

Պասիլ Ընդունեց Իրանի Նոր Դեսպանը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի նորնշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որմէ ստացաւ անոր հաւատարմագիրը, որպէսզի աւելի ուշ ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրի այցելեց Պասիլի: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ Մըրիի դիւանագիտական գործունէութեան աւարտը: Արսլան Կ՛այցելէ Պուսթրոս Պալատ Լիբանանեան...

Page 627 of 987 1 … 626 627 628 … 987

Արխիւներ