Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Մոսկուա` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Հալիմ Ապու Ֆախրէտտինի:
Ժոմպլաթ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ հաստատուեցաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ ռուսական պետութեան միջեւ պատմական յարաբերութիւնները կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի եւ շրջանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու գործակցութիւնը նոյնպէս պիտի շարունակուին:
Հանդիպումին մասին թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Պոկտանովի հետ հանդիպումը դրական էր եւ անհրաժեշտ` նկատի ունենալով շրջանին մէջ արձանագրուած նոր զարգացումները: