Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մեր Պայքարով Իրականացած Հաւասարակշռուած Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Չկորսնցնենք»

August 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ 7 օգոստոսի դէպքերու յիշատակին առիթով յայտարարեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միշտ ալ կ՛աշխատի նոր սերունդի բարօրութեան համար:

Ան աւելցուց, որ պայքարով լեցուն անցեալ ունեցող կուսակցութիւն մը իր երիտասարդութեան համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ի խնդիր կը գործէ:

Ան նշեց, որ իրենք օր մը չեն մտածած երկրին իշխանութիւնը ստանձնելու մասին` հիմնական նպատակ ունենալով երկիրը լաւ պահելը:

Ան շեշտեց, որ իրենք պայքարած են բոլոր պետութիւններուն եւ բանակներուն դէմ ու 7 օգոստոսին յաղթանակ արձանագրած: «Ատիկա կատարող եւ յաջողութիւն արձանագրողը ներկայիս փտածութեան դէմ պայքարելու եւ զայն տապալելու մէջ չի ձախողիր», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենց պայքարով իրականացած հաւասարակշռուած կառավարութիւնը այսօր պիտի չկորսնցնեն` աւելցնելով, որ եթէ կարելի չըլլայ հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը կազմել, ապա կարելի չէ փայլուն ապագայ մը ունենալ:

Միւս կողմէ, Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ պիտի կազմեն օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու տինամօ մը` խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը խորհրդարանի մեծագոյն համախմբումն է, իսկ Պըրրին` խորհրդարանի նախագահը:

Ան շեշտեց սակայն, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ իրենք ամէն բանի շուրջ համաձայնած են` աւելցնելով, որ տակաւին իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, սակայն կարեւոր է, որ անոնք տարակարծութիւնները զատորոշեն եւ յանձնառու մնան ներքին լիբանանեան անդորրը պահպանելու:

Պասիլ ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ տարակարծութեան ամէնէն ծանր վիճակներուն եւ սուր ցեխարձակումներուն ընթացքին ալ ինք վստահ էր, որ օր մը` ուշ կամ կանուխ, անպայման պիտի հանդիպին, որպէսզի գործակցին եւ Լիբանանի համար նոր նուաճումներ իրագործեն: «Շրջանին եւ Լիբանանի մէջ կան ռազմավարական զարգացումներ, որոնց շուրջ Պըրրիի հետ համաձայն ենք եւ մեր հանդիպումը առիթ կու տայ հետագայի զարգացումներուն հետ քայլ պահելու», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք երկուքը տուժելու ենթակայ են` նոր կառավարութեան կազմութենէն եւ մտահոգ են կառավարութեան կազմութեան ուշացումով: «Երկուքս ալ համոզուած ենք, որ հարցը շատ աւելի լուրջ եւ վտանգաւոր է, քան մէկ կամ աւելի նախարար պահանջելը, հետեւաբար մենք կը մաղթենք, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարուի», շեշտեց ան:

Պասիլ նշեց, որ ոմանք կը փորձեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը իրեն վերագրել` աւելցնելով, որ այդ ամբաստանութիւնները ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ: Այս շրջագիծին մէջ ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ յաճախական հանդիպումները ցուցանիշ են կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն դէմ ծառացած խոչընդոտներուն:

 

Նախորդը

Թայմուր Ժոմպլաթ Պոկտանովի Հետ Հանդիպումը Դրական Եւ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ

Յաջորդը

Ապի Խալիլ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Ելեկտրականութիւն Ապահովելու Նպատակով Մեր Ջանքերը Պիտի Շարունակենք»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.