ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրաւունք չունին մնայուն խոչընդոտներով արգելակելու նախարարաց խորհուրդի կազմութեան հոլովոյթը եւ ուշացնելու նոր կառավարութեան յայտարարութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը գտնուի լուրջ խոչընդոտներու դիմաց:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը պէտք է հիմնուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած արդիւնքներուն վրայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ աւելի քան մէկ հանդիպում կատարուած է արդէն, «եւ նկատի ունենալով այդ բոլոր խորհրդակցութիւնները, կառավարութեան կազմութեան պատկերացումը ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը կը մնայ վարչապետ Հարիրիին պարտականութիւնը»:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ նշանակուած վարչապետին իրաւասութիւններուն միջամտութիւնը արգիլուած է` հաստատելով, որ կարելի չէ վարչապետին վրայ ճնշումներ բանեցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան մէջ նուազագոյնը 4 կին նախարարներ պիտի ըլլան: Ան նշեց նաեւ, որ լուրջ աշխատանք կը տարուի մշակելու օրինագիծ մը, որ լիբանանցի կնոջ կու տայ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը այս փուլին դարձած է անհրաժեշտութիւն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր հսկայ ներդրումը ունեցած է ներկայ իշխանութիւններու կազմութեան մէջ` աւելցնելով, որ անոնք նախանձախնդիր են ներկայ իշխանութիւններուն արձանագրելիք յաջողութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց լուծելու Աքքարի ձկնորսներուն դիմագրաւած հարցերը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի հարուածել Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով փակուած Սուրիա-Յորդանան Նսայպի անցքը մօտիկ ապագային պիտի բացուի եւ պիտի սկսի գործել` շունչ տալով Պեքաայի, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի հողագործներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին: «Իսկ լիբանանեան պետութիւնը տակաւին մուրացկանութիւն կը կատարէ` երկրին տնտեսութիւնը փրկելու նպատակով», աւելցուց ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Ազար ընդգծեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ձախողեցնելու ներկայ իշխանութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն գտնուած է չորս նախարարութիւն ստանձնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը շատ աւելի խոր է, քան կարգ մը ձաբռտուքներ: Այս առիթով ան ողջունեց Լեռնալիբանանի բնակիչները` ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ տիւրզի, ինչպէս նաեւ ողջունեց այդ հաշտութիւնը հովանաւորած մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, անդրադառնալով ելեկտրականութիւն արտադրող նաւէն Քեսրուանի եւ Մեթնի ելեկտրական հոսանք բաշխելու որոշումին, հարց տուաւ, թէ արդեօք Թրիփոլի այդքան ծանր պատիժի ենթարկուելու արժանի՞ է: Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Միքաթի յայտնեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Թաէֆի համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային չկազմուի, ապա աղէտ պիտի արձանագրուի:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններ կը կատարուին` վերջ տալու համար փոխադարձ ցեխարձակումներուն եւ կառչած մնալու համար Լեռնալիբանանի հաշտութեան:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող գլխաւոր անձնաւորութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթն է, եւ կոչ ուղղեցին այդ հոլովոյթին միջամուխ դառնալ փափաքող արտաքին գործօններու առիթ չտալու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հիմնական չափանիշը Թաէֆի համաձայնագիրն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Սուրիոյ որոշումներուն չի հետեւիր: Ալլուշ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող քաղաքական գլխաւոր ուժը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը վտանգի չէ ենթարկուած:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել ընդգծեց, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը վերջ գտած է, իսկ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պիտի չյանձնուի: Ան նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա ճնշում կը բանեցնէ կառավարութիւնը չկազմելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպումի ժամադրութիւն պիտի չխնդրէ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն: Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ կան միացեալ շահեր, եւ Սուրիոյ հետ գործակցութեան մերժումը անձնասպանութիւն է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ընդդիմադիր աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պասիլի վարուելակերպը եւ վարած քաղաքականութիւնը դատապարտելի է` ընդգծելով, որ վարչապետ Հարիրի պէտք է վերադառնայ վարչապետարան: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները վերագրելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, կը գրէ, թէ վարչապետ Հարիրիի իրաւասութիւններուն դէմ գործուած յարձակումները անօգուտ են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն ստացած է նշաններ, թէ անոնք չեն մերժեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յանձնել: Նոյն օրաթերթը գրած է, թէ Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը մերժեն ընդունիլ առանց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կազմուելիք լիբանանեան կառավարութիւն մը: