Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումիի հետ: Հանդիպումէն ետք Մախզումի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած ուշացումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի յատուկ պատուիրակ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեւմտական եւ տնտեսական կայունութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ պէտք է նկատի ունենալ համամասնական դրութիւնը` առանց այս կամ այն քաղաքական ուժը պատժելու:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ համալսարական վկայականներու կեղծումի որեւէ պարագայ պիտի հետապնդուի, իսկ անոր պատասխանատուն` բանտարկուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ճիգ պիտի չխնայէ` դիւրացնելու համար վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան առաքելութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` մասնակցութեամբ քաղաքական բոլոր ուժերուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էտկար Թրապուլսի զգուշացուց կառավարութեան կազմութեան ուշացումէն: Ան կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի երկրին մէջ զարգացումներ արձանագրուին:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց յարգելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ կազմուելիք կառավարութեան մէջ երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցչութեան դրսեւորումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը արտաքին է` աւելցնելով, որ իրենք ազգային գործակցութեան ընթացքը սրբագրելու լուրջ գործէն պիտի չհրաժարին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Սուրի պահանջները գոհացնելու նպատակով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի ստանայ ուժային նախարարութիւն մը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի ունենալ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ գործակցիլ սուրիական վարչակարգին հետ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատու Ալի Համտան հաստատեց, որ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւուն գծով Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի կեցուածքներուն միջեւ տարակարծութիւններ չկան, այլ` նմանութիւններ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական արգելքը վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ չի գտնուիր: Ան նշեց, որ Հարիրի ներկայացուցած է կառավարական կազմերու պատկերացումներու շարք մը, որոնք տակաւին կը սպասեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի վաւերացումին:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կատարեալ իրաւունք ունի ընտրելու կառավարութեան այն կազմը, որ յարմարագոյնը կը նկատէ:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա Տուն Կը Կանչէ Քանատայի Մէջ Իր Դեսպանը Եւ Ռիատի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Կը Նկատէ Անբաղձալի Անձ

Յաջորդը

Հըզպալլա Եւ Ամալ Կը Հաստատեն, Որ Ազգային, Քաղաքական Եւ Բարգաւաճման Հարցերուն Նկատմամբ Իրենց Կեցուածքը Միացեալ Է

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?