ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի նոր փուլ:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք սուրիական վարչակարգին վրայ վստահութիւն չունին եւ կը սպասեն Ռուսիոյ երաշխիքներուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի հաստատեց, որ փոխվարչապետի պաշտօնէն կրնան զիջիլ` ուժային նախարարութիւն մը ստանձնելու փոխարէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ վարչապետին որոշումը յստակ է` Հասպայայի եւ Մերժահիունի ձիթաիւղի արտադրութեան զօրակցելու գծով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ տրամադրուած է, որովհետեւ անոր վրայ ճնշումներ բանեցուած են յարգելու Ժ-Ժ-ի (Ժահժահ եւ Ժոմպլաթ) պահանջները, հետեւաբար կառավարութեան կազմութեան հարցը մահաքունի մէջ մտած է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կենսոլորտային եւ բարգաւաճման շարք մը հարցեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ խորհրդարանին կողմէ գումարուելիք օրէնսդրական նիստերն ու խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստերը այլ իշխանութիւններու իրաւասութիւններուն հետ չեն խաչաձեւուիր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի շեշտեց, որ պէտք է համայնքային հաշիւներէ ձերբազատիլ` յաջողցնել կարենալու համար կառավարութեան կազմութեան ջանքերը: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան դէմ ծառացող հարցերը ներքին են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան խնդիրը մարոնիական չէ, եւ կրնայ ներքին հարց չըլլալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար գործադիր իշխանութեան մակարդակով անիշխան ըլլալ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը այդքան լուրջ հարցեր չէ լուծած` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանեան ներքին հարցերը լուծուին, ապա կարելի կ՛ըլլայ նաեւ արտաքին հարցերը լուծել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ տնտեսական աճով, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը կարիքը ունի քաղաքական բոլոր ուժերուն զիջումներուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ քաղաքական ոչ մէկ կողմի ներկայացուցչութիւնը վեթոյի ենթարկած է` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ տիւրզի համայնքին բոլոր ներկայացուցիչներուն սեփականացումը անտրամաբանական է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ իրենք ոչ մէկ պատճառ կը տեսնեն կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելու, բացի եթէ որոշ պահուած կէտեր գոյութիւն ունին:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա նախագահական համաձայնութիւնը հարուածեց` վարչապետ Սաատ Հարիրիին պարտադրելով, որ կառավարութիւնը չկազմէ:
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու միջազգային յանձնախումբը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքը` յայտնելով, որ առանց լիբանանեան բանակին Լիբանան ապահովական մեծ աղէտ մը կրնար ապրիլ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին հաստատեց, որ առանց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կրնար իր պլոքէն երեք երեսփոխան կորսնցնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ ցամաքային անցքերուն բացումը առիթ կու տայ, որ Լիբանան մէկ միլիառ տոլարի հասնող լիբանանեան արտադրութիւններ արտածէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան համար ան բոլոր տրամաբանական եւ կարելի լուծումները առաջարկած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Լիբանանեան ուժերուն կողմէ ուժային նախարարութիւն մը ստանձնելու` աւելցնելով, որ փոխվարչապետի պաշտօնը հանրապետութեան նախագահին իրաւունքներուն մաս կը կազմէ: Նոյն օրաթերթը, անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքին, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն պատասխանատուն միայն վարչապետը չէ: