ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի նիւթական տագնապ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ իր, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջեւ կատարուած հանդիպումը շատ լաւ կը նկատէ:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց փտածութեան եւ խաբէութեան դէմ պայքարի կառավարութեան վերաբերող նուազուրդները վաւերացնել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն այցելեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի, որուն հետ քննարկեց Տահր էլ Պայտարի միջազգային ճամբան լուսաւորելու կարելիութիւնները:
Հայէք խոստացաւ 9 օգոստոս 2018-էն սկսեալ այդ ճամբան լուսաւորել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ ինք կը կասկածի, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը միայն ներքին լիբանանեան արգելքներ կը դիմագրաւէ: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է նախաձեռնութիւններ առաջադրէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի փրկարար մօտեցումի` աւելցնելով, որ իրենք որոշած են պաշտօնները իրարու միջեւ բաժնուելու եւ երեսփոխաններ ներածելու երեւոյթներէն աւելի վեր մնալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն նշեց, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի կատարած այն առաջարկը, թէ Հզօր Լիբանան համախմբումը պէտք է վերածուի ընդդիմութեան, անձնական տեսակէտ է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ընդգծեց, որ իրենք աշխարհին ուշադրութեան կեդրոնը չեն նկատուիր` աւելցնելով, որ քաղաքական առումով պէտք է համեստ գտնուին եւ արտաքին աշխարհին խուլ ականջ դարձնեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ Ամալ շարժումին հետ խոր տարակարծութիւն կայ` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ներկայիս կը գործէ այս կամ այն ղեկավարին քմահաճոյքով: Ան աւելցուց նաեւ, որ ներկայիս կայ շրջանային մրցակցութիւն` Լիբանանի որդեգրելիք ապագայ ուղին ու առանցքը ճշդելու հարցերուն շուրջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի այցելուներէն, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուցած է սառած իրավիճակէն, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապները կը բարդացնէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է ազգային սկզբունքներուն շուրջ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Զուք հասած ելեկտրականութիւն արտադրող թրքական նաւը հինգշաբթի առաւօտեան արդէն իսկ կը սկսի գործել եւ Քեսրուանը լուսաւորել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ Սէուտական Արաբիոյ մօտ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք բնաւ չեն մտածեր ներկայ իշխանութիւններուն դէմ ներքին լիբանանեան ճակատ մը կազմել: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ նախագահ Աուն Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնութիւնը ձախողած կը նկատէ: