Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Թրենթայի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

August 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան, որուն ընկերակցեցան Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մատուցուելիք զինուորական օժանդակութիւններու հարցը:

Վարչապետը ընդունեց երիտասարդ ղեկավարներու միջազգային բանակումի մասնակիցներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ բոլորը պէտք է աշխատին ի խնդիր Լիբանանի, որպէսզի ան համապատասխանէ մեր երազած երկրին:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որպէսզի պետութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը վերահաստատենք եւ սկսինք տնտեսական մարզի զարգացումին` ապահովելու համար երիտասարդներուն պահանջներն ու անոնց փայլուն ապագան», շեշտեց Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքի Լիբանանը ամբողջ աշխարհին ներկայացնել իբրեւ պատգամի երկիր մը, ուր կը տիրէ համերաշխութիւն, համախոհութիւն, իրարու նկատմամբ հասկացողութիւն, հանդուրժողականութիւն, խաղաղութիւն եւ ապահովական կայունութիւն:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին իրավիճակն ու լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:

Հարիրիի այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ: Քննարկուեցան մայրաքաղաք Պէյրութի վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ, որուն հետ քննարկեց Սայտայի կարիքները:

 

Նախորդը

Պըրրի Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը Եւ Հաստատեց Լրատուամիջոցներուն Շինիչ Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.