Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի նորնշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որմէ ստացաւ անոր հաւատարմագիրը, որպէսզի աւելի ուշ ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրի այցելեց Պասիլի: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ Մըրիի դիւանագիտական գործունէութեան աւարտը:
Արսլան Կ՛այցելէ Պուսթրոս Պալատ
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ երկիրը աւելի չի կրնար հանդուրժել, իսկ կառավարութեան կազմութեան գծով ցուցաբերուած վարուելակերպը անլուրջ է, մինչ այս երկրին մէջ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած ազգային զգացումը անպատասխանատու է:
Արսլան հաստատեց, որ պետութեան կողմէ այս վարուելակերպը շարունակելու պարագային երկրին վիճակը բաւական դժուար պիտի ըլլայ, իսկ կառավարութեան մաս կազմելու պայմաններուն պարտադրումը պիտի բարդացնէ կացութիւնը:
Արսլան նշեց, որ ինք եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան մաս կազմելու գծով արգելքներ չունին` աւելցնելով, որ խոչընդոտը կը գտնուի անոր մօտ, որ կը փափաքի սեփականացնել իշխանութիւնը:
Արսլան ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին Ազգային միասնականութեան կառավարութեան եւ բնաւ չեն պահանջած մեծամասնական կառավարութեան կազմութիւնը: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան մէկ չափանիշ որդեգրելու եւ զայն գործադրելու Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն վրայ: «Սակայն չափանիշի որդեգրումէն ետք, զայն ոմանց պարագային կիրարկելու եւ ոմանց հաշուոյն կիրարկումէն խուսափելու պարագային, այդ չափանիշը կը կորսնցնէ իր արժէքը եւ կը դադրի այդպիսին ըլլալէ», եզրափակեց Արսլան: