Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Եւ Շրջանային Պայմանները ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Անխուսափելի Կը Դարձնեն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան` ընկերակցութեամբ Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոյի եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով մշակութային եւ քաղաքակրթական հասարակ յայտարարները: Անոնք ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը եւ գնահատեցին լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զինուորական օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով գումարուած «Հռոմ 1» եւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ միշտ ուղղուող իսրայէյեան սպառնալիքները եւ շրջանային պայմաններն ու ապակայուն իրավիճակը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անխուսափելի կը դարձնեն:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի նոյն պայմաններով` առանց անոնց գործունէութեան եւ իրաւասութեան փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ նոյն պիւտճէով:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Թրենթան`  զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու նոր ընդհանուր հրամանատար նշանակումին առիթով: Ան մեծապէս գնահատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ իտալական ջոկատին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` ապահովական եւ ընկերային իմաստով:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` աւելցնելով, որ այս իմաստով ռուսական նախաձեռնութիւնը բաւական օգտակար էր: Միւս կողմէ, ան մաղթեց, որ Իտալիան եւս կը զօրակցի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին, առանց այդ հոլովոյթը անպայման սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման հետ առնչելու:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ ազատագրուած շրջաններուն մեծամասնութիւնը ապահովական կայունութիւն կը վայելէ` նշելով, որ տեղահանուածներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ապահովական պատճառներով Լիբանան ուղղուած էր եւ ոչ թէ քաղաքական պատճառներով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութիւնը կ՛ենթադրէ Պաղեստինեան հարցի արդար եւ ամբողջական լուծում:

Իր կարգին, Թրենթա ընդգծեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմելու` նկատի ունենալով, որ ան ստանձնած է նաեւ այդ ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը:

Թրենթա նաեւ շեշտեց, որ Իտալիա կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել փափաքող Լիբանանի առաջարկին` աւելցնելով, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնելու լիբանանեան զինուորական հաստատութիւններու, յատկապէս` բանակի զինման:

Թրենթա հաստատեց նաեւ, որ Իտալիա կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներուն երեւոյթին հետեւանքներէն Լիբանանը փրկելու ամէն տեսակ նախաձեռնութեան:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի արտերկրի լիբանանցիներու կազմակերպութեան մաս կազմող ծագումով լիբանանցի երիտասարդներու պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը դառնայ արտերկրի լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատող ազդակ մը, որպէսզի անոնք վերջնականապէս վերադառնան Լիբանան` գեղեցկութեան, սիրոյ, հարազատութեան եւ բազմազանութեան երկիրը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ 2018-ի պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւնները գերազանց նիշերով աւարտած աշակերտ-աշակերտուհիները եւ մեծարեց զանոնք` գնահատելով անոնց աշխատանքը:

Նախորդը

Հարիրի. «Բոլորը Զիս Պատասխանատու Կը Նկատեն Կառավարութեան Կազմութեան Արձանագրած Յապաղումին Համար, Մինչ Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժ Կառչած Կը Մնայ Իր Պահանջներուն»

Յաջորդը

Թուրքիա Հայաստանի Հետ Սահմանը Պիտի Լուսաւորէ Արեւային Ուժանիւթի Օգնութեամբ

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.