Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ. «Ոմանք Չեն Փափաքիր Բարեկարգում Կատարել Եւ Երկրին Տնտեսութիւնը Բարգաւաճեցնել` Անձնական Շահերէ Մղուելով»

August 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ հանրապետութեան հզօր նախագահին շուրջ միասնական գտնուելու փոխարէն, կը զբաղինք այլ հարցերով եւ կ՛ուշացնենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Կ՛ուզեմ հարց տալ, թէ ի՞նչ է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահը` այդ ուշացումէն», գրեց Սարրաֆ:

Ան հարց տուաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը հարուածելու ծրագրուած արշաւներուն մասին` զարմանք յայտնելով, որ արդեօք լուրջ փորձեր կա՞ն Լիբանանը վերադարձնելու արտաքին տիրապետութեան օրերուն, երբ անոնք առաջին անգամ ըլլալով կրցած են թօթափել իրենց վրայ բանեցուած արտաքին ճնշումները եւ ուղղուած Լիբանանի բարգաւաճումը ապահովող քայլերու:

«Ըստ երեւոյթին ոմանք չեն փափաքիր բարեկարգում կատարել, երկրին տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնել եւ անկախ որոշումի տէր հզօր պետութիւն կերտել` անձնական շահերէ մղուելով եւ շրջանցելով Լիբանանի գերագոյն շահերը», շեշտեց Սարրաֆ:

Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը միշտ ընդգծած է, թէ ինք բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի եւ իր նպատակն է Լիբանանի գերագոյն շահերուն իրականացումը: «Հետեւաբար պէտք է վերջ տալ ամբաստանութիւններուն եւ չխոչընդոտել ազատ, անկախ եւ խաղաղ ապրելու, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն համար հզօր հայրենիք կերտելու լիբանանցիներուն յոյսն ու կորովը», հաստատեց Սարրաֆ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Նպատա՞կ, Թէ՞ Հետեւանք

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Նիզար Զաքքայի

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.