Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ երկրին իշխանութիւնը շրջափակելու որեւէ փորձ գոյութիւն ունի` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու գծով միջազգային հսկայ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել «Սետր»-ի խորհրդաժողովը:
«Բոլորը զիս պատասխանատու կը նկատեն կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումին համար, մինչ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կառչած կը մնայ իր պահանջներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է աւելի համեստ եւ զիջող ըլլան իրենց պահանջներուն մէջ, ի խնդիր երկրին գերագոյն շահերուն:
Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախագահական ընտրապայքարին մէջ յառաջատար դիրք կը գրաւէ` ըսելով. «Նախագահ Աուն հանրապետութեան նախագահն է, եւ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ նախագահական ընտրապայքարին մասին»:
Կառավարութեան կազմութեան վրայ Իրանի պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն ունեցած ազդեցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի հաստատեց, որ ինք կը խորհրդակցի նաեւ Հըզպալլայի հետ, եւ Հըզպալլա կը փափաքի կառավարութեան կազմութիւնը:
«Կառավարութիւնը կազմելու պարտականութեան համար նշանակուած վարչապետը ես եմ եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններու մէջ եմ ու բոլորին պահանջները արձանագրած եմ: Ես կ՛ուզեմ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը», եզրափակեց վարչապետը:
Միւս կողմէ, Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր երէկ հրապարակած են լուրեր, թէ վարչապետ Հարիրիի Ֆրանսա կատարած այցելութեան նպատակն էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն խնդրել միջամտել Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման իշխանին մօտ, որպէսզի ան դիւրացնէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Այս բոլորին կողքին հրապարակուած էին լուրեր, թէ Հարիրի ֆրանսական խորհուրդ ստացած է` սպասելու ամերիկեան կանաչ լոյսի մը եւ դիմելու ռուսական կողմին, որպէսզի ան առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու նպատակով:
Հաղորդագրութիւնը հերքեց վերոնշեալ բոլոր լուրերը` հաստատելով, որ Հարիրիի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը ընտանեկան էր եւ ֆրանսացի ոչ մէկ պատասխանատուի կամ պետական պաշտօնատարի հետ հաղորդակցութիւն կատարուած էր:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ վարչապետ Հարիրիի յարաբերութիւնը եղբայրական է, հետեւաբար միջնորդութեան ոչ մէկ կարիք կայ:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նման անճիշդ լուրերը շրջանառութեան մէջ դնելը կը միտի նենգափոխել ճշմարտութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումին պատասխանատու նկատել Սէուտական Արաբիան, այլ խօսքով` զայն որակել լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դարձող երկիր: «Մինչդեռ Սէուտական Արաբիոյ միակ փափաքը այն է, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի, որպէսզի ան կարենայ զօրակցիլ եւ օժանդակել Լիբանանին եւ անոր տնտեսութեան, ինչպէս խոստացած էր «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: