Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ներկայ Իշխանութիւնները Հարուածող Քաղաքական Գործիչներուն Եւ Լրագրողներուն Քաղաքական Ինքնութիւնն Ու Մտքի Սնանկութիւնը Յստակ Են Բոլորին»

August 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկատուութեան մարզին մէջ լոյս կը տեսնեն եւ կը հնչեն այնպիսի յայտարարութիւններ, յօդուածներ եւ մեկնաբանութիւններ, որոնք անհիմն են, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին նախագահական ընտրապայքարի լուրերուն, որոնք բացայայտ արշաւներ են, որոնք կը գործադրուին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը հարուածելու նպատակով:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նման հրապարակումներ կը  փորձեն տարածել այն երեւակայութիւնը, թէ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի արգելակուի եւ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան` հանրապետութեան նախագահին եւ  Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին գլխաւորութեամբ:

«Նման արշաւներ իրենց շուկայադրումի եղանակով եւ ապահովելիք արդիւնքներով կը միտին հարուածել ներկայ իշխանութիւնները: Սակայն հանրապետութեան նախագահն ու  Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը կարելի չէ նման յանցանքով ամբաստանել, բացի եթէ ոմանց մօտ քաղաքական զառանցանքը հասած է այն աստիճանի, որ անոնք դիմացինները ամբաստանեն իրենք իրենց վրայ կրակելու յանցանքով: Բոլորին համար յստակ է, թէ մենք քաղաքական անձնասպանութիւն գործել չենք ծրագրեր, այլ` քաղաքական իրագործումներ», հաստատուեցաւ հաղորդագրութեամբ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ներկայ իշխանութիւնները հարուածել փափաքող քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները ծանօթ են, ինչպէս որ ծանօթ են անոնց քաղաքական ինքնութիւնն ու մտքի սնանկութիւնը: «Իսկ մենք մեր ուղիին ընդմէջէն պիտի շարունակենք զօրակցիլ երկրին ներկայ իշխանութիւններուն, ոչ միայն ի շահ նախագահ Աունի անձին, այլեւ` ի շահ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն: Մենք կը հաւատանք, որ նախագահ Աունի իշխանութիւնը արտակարգ առիթ մըն է Լիբանանին եւ պէտք չէ զայն քանդել», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն այցելութիւնը արարողակարգային եւ ծանօթացման բնոյթ ունէր:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Ռաատի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

Հարիրի. «Լիբանանի Շահերն Ու Անոր Սահմանային Անդորրը Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Կատարեալ Համագործակցութիւն Կ՛ենթադրեն»

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.