Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեքշաբթի երեկոյեան պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուելիք յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի տօնակատարութեան առիթով: Կը նախատեսուի, որ սէյիտ Նասրալլա տարբեր ուղղութիւններով յղէ նաեւ քաղաքական տարբեր պատգամներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու Սէուտական Արաբիոյ եւ մերժելու Ռիատի ներքին հարցերուն միջամուխ դարձող որեւէ կեցուածք կամ տեսակէտ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ ինք պիտի շրջի ալիւմինիոմի գործարանները եւ պիտի որոնէ այնպիսի լուծումներ, որոնք կրնան իբրեւ միջոց ծառայել այդ մարզը բարելաւելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց առաջին ընտրութիւնն է, սակայն կարելի չէ մինչեւ յաւիտեան սպասել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա վերադարձնէ, իսկ Սուրիոյ պետութիւնը չի կրնար իր ժողովուրդը մերժել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները իրարու դէմ շատ խիստ վերաբերում ցոյց կու տան` աւելցնելով, որ անոնք երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը սպառնալիքի կ՛ենթարկեն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի հաստատեց, որ հարցերը աւելի կը բարդանան` աւելցնելով սակայն, որ հակառակ այս իրավիճակին, երկրին իշխանութիւնները պիտի չձախողին եւ համաձայնութիւնը փուլ պիտի չգայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի հանրապետութեան նախագահի դաշտին վրայ` աւելցնելով, որ ան կառավարութեան կազմութեան հարցով չէզոք կեցուածք մը չ՛որդեգրեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ իրենք իննսունականներէն ի վեր տեղեկութիւններ ունին, թէ Քֆարֆալուսի մէջ շէնքեր կառուցելու եւ պաղեստինցիներ բնակեցնելու ծրագիր գոյութիւն ունի: Ան աւելցուց, որ պէտք է զգուշանալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ժառանգած Քֆարֆալուսի հսկայ հողաշերտին վրայ այդ ծրագիրը իրագործելէ: Սէյիտ նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադասները կ՛ուշացնեն կառավարութեան կազմութիւնը` յուսալով, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները պիտի մղեն, որ Իրան եւ Հըզպալլա Սուրիայէն հեռանան: Այս խաղին մէջ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարներ Սամիր Ժահժահ եւ Ուալիտ Ժոմպլաթ օգտագործուած գործիքներ են:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը եւ կը վարուի իբրեւ վարչապետ ու հանրապետութեան նախագահ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ Լիթանի գետը կենսոլորտային իսկական աղէտի դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ պահանջուածը քաղաքական որոշում մըն է` վերջ տալու Պեքաայի ապականումին: Նշենք, որ Ֆայեատ այցելեց նաեւ կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի, որուն ներկայացուց Ժապալ Ամելի պետական դպրոցներուն վիճակը բարելաւելու եւ բարգաւաճեցնելու ծրագիրներ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան իմաստով լաւատեսութենէ կը խուսափին, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը մերժեն զիջումներ կատարել:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի յայտարարութիւնները վտանգաւոր են, իսկ անոր համայնքային եւ յարանուանական միտումները` բոլորին համար բացայայտ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ուխտին: Ան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծումը կարելի կը դառնայ, երբ ելեկտրական կայաններ կը հաստատուին եւ դէպի հարաւային Լիբանան ելեկտրականութիւն կը մատակարարեն:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Իմատ Հութ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական պատճառը շրջանային զարգացումներն են:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան նկատմամբ իշխանութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը մերժելի է:

ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի Ժապալ Ամելի պատասխանատուները երէկ կատարեցին հանդիպում մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեցին արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լաւատեղեակ աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ նոր կառավարութիւնը մահաքունի մէջ է եւ ներքին իմաստով զայն կազդուրելու կարելիութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունի: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ ինք կը մերժէ կառավարական որեւէ կազմ, որուն մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի հաշուետու կ՛ըլլայ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու ղեկավարներ Սամիր Ժահժահի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը խուսափի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ անոր անձնակազմին հետ շփում ունենալէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերատեսութեան ենթարկելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը եւ անոնց շնորհելու ձերբակալութիւններ կատարելու ու զէնքեր գրաւելու իրաւասութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է նոր կառավարութեան կազմութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը Սէուտական Արաբիոյ վերագրելու փորձերը կը նպատակադրեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի յաւելեալ զիջումներ կատարէ եւ կարենայ կազմել կառավարութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լաւատեղեակ աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Պաապտայի եւ Կեդրոնական Պէյրութի միջեւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացումներ պիտի արձանագրէ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատած Են

Յաջորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Փակեց Պէյրութի, Սայտայի, Սուրի Եւ Թրիփոլիի Նաւահանգիստներուն Մուտքերը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?