Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

August 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանային իրավիճակը:

Ապպաս Իպրահիմ զօր. Տել Քոլի յաջողութիւն մաղթեց` անոր ստանձնած նոր պարտականութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ոչ ոքի կողմէ բողոք կամ մերժում լսած է` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ սուրիական իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն կատարելու յատուկ պատուիրակի պարտականութեան գծով:

Իպրահիմ հաստատեց, որ այդ պարտականութիւնը ստանձնելու վերաբերող պայմաններ կամ կաշկանդումներ չկան, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ վերապահութիւն արձանագրուած է:

«Նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը պահանջեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը,  եւ ոչ ոք կը փափաքի անոնց մնայուն կերպով Լիբանան կեցութիւնը, հետեւաբար ոչ ոք ալ պիտի մերժէ իմ ստանձնած պարտականութիւնս, որ բոլորին նպատակը իրականացնելու կը ծառայէ», հաստատեց ան:

Իպրահիմ նշեց, որ ինք մնայուն կերպով կ՛այցելէ Սուրիա` տեղահանուածներու թղթածրարէն առաջ եւ անկէ վերջ: «Սուրիոյ հետ խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք մենք յաջողեցանք լուծել ապահովական, մարդկային, լիբանանեան եւ ոչ-լիբանանեան շարք մը թղթածրարներ, որոնցմէ շատեր շրջանային եւ միջազգային բնոյթ ունէին: Առանց համագործակցութեան անկարելի է այդ հարցերը լուծել: Իսկ ապահովական թղթածրարը, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետ առնչուած բաժինը, որ համագործակցութիւն կ՛ենթադրէ, նոյնքան կարեւոր է` որքան տեղահանուածներուն տունդարձը», ընդգծեց Իպրահիմ:

Ան շեշտեց, որ իր պարտականութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովումն է` հաստատելով, որ Սուրիա ոչ մէկ նախապայման պարտադրած է Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին գծով: Ան ըսաւ, որ Դամասկոսի միակ պահանջն է, որ անոնց տունդարձը ըլլայ օրինական, եւ այդ պատճառով է, որ այդ գործընթացը կը կատարուի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան միջոցով:

«Այդ պատճառով է, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը կազմակերպեն տեղահանուածներու տունդարձի գումակային աշխատանքները եւ ապահով կերպով զանոնք կը փոխադրեն Սուրիա», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է` Արգիլելու Երկրին Գահավիժումը Դէպի Լարուածութիւն

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթն Ու Տնտեսական Կացութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.