Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ Լիբանան պատրաստ է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն տրամադրելու ամէն բան, որ կը դիւրացնէ անոնց աշխատանքը` հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը պահպանելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պէտք է կատարուի հիմնուելով անոնց իսկական առաքելութեան վրայ` առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոնց իրաւասութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ միջազգային որոշումներուն, յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան գծով իսրայէլեան ուժերուն կողմէ արձանագրուած խախտումները պէտք է կասեցուին: Ան յոյս յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց ներդրումը կ՛ունենան Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերջ մը դնելու աշխատանքին մէջ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները մեծապէս կը գնահատեն միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան ի խնդիր:
Իր կարգին, զօր. Տել Քոլ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` իր եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է գործել լիբանանեան բանակին հետ` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ կէսօրին ընդունեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին տնտեսական հարցերուն լուծումը պիտի ըլլայ նոր կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւնը: Ան նշեց, թէ պիտի գործադրուի ազգային տնտեսական ծրագիր մը, որ վաւերացուած է եւ կը սպասէ գործադրութեան:
Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ ինք յոռետես չէ, այլ` համոզուած է, որ երկրին տնտեսութիւնը պիտի բարգաւաճի:
Ան ընդգծեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական առկայ հարցերը լուծելու նպատակով:
Ան նշեց նաեւ, որ պետութիւնը կը սերտէ բնակարանային վարկերու, ինչպէս նաեւ կրթութեան, փոխադրութեան եւ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն վերաբերող հարցեր: