Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դարձեալ Դրական Հունի Վրայ Դրուած Է

Օգոստոս 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները երէկ անհետացան` նկատի ունենալով նախանցեալ օրուան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած զոյգ հանդիպումները. կէսօրին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, իսկ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:

Շնորհիւ այս հանդիպումներուն դրական աւարտին, երկրին մէջ տիրեց ընդհանուր լաւատեսութիւն, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դարձեալ դրական հունի մէջ մտաւ:

Կը նախատեսուի, որ դրական զարգացումներուն լոյսին տակ վարչապետ Հարիրի յառաջիկայ շաբաթասկիզբին ուղղուի նախագահական պալատ եւ նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմը, որուն մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցչութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած պիտի ըլլայ:

Այս շրջագիծին մէջ, կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած Հարիրի-Պասիլ հանդիպումին Պասիլ համաձայն գտնուած է Լիբանանեան ուժերուն յանձնելու չորս նախարարութիւնը, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ ուժային:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին նաեւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդի իրաւունքը ստանան Ազգային ազատ հոսանքն ու նախագահ Աունը, եւ ոչ թէ Լիբանանեան ուժերն ու վարչապետ Հարիրին:

Ամէն պարագայի, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով երկրին մէջ տիրող դրական թրթռացումները տակաւին ժամանակ կ՛ենթադրեն նոր դահլիճի վերջնական կազմը յայտարարելու, եւ չեն կրնար վերածուիլ այդ տօնին առիթով լիբանանցիներուն յանձնուելիք նուէրին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Մշակուած Է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Եւ Բարգաւաճման Գործնական Եւ Ամբողջական Ծրագիր Մը, Որ Իր Նպատակները Պիտի Իրագործէ Օրինական Եւ Խաղաղ Միջոցներով»

Յաջորդը

Քոչարեանի Կալանքի Հարցով Որոշումը` 13 Օգոստոսին

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?