Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ միջազգային օրուան առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, թէ այս առիթով կարեւոր է հաստատել, որ Լիբանանի մէջ երիտասարդական նախաձեռնութիւնները միշտ քաջալերուած են, որովհետեւ անոնց բազուկներուն ուժով է, որ պիտի վերականգնի երկրին տնտեսութիւնը եւ ուղղուի դէպի բարգաւաճում:

ՏԱՐ Ֆաթուա երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ Ատհայի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2018-ին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ լիբանանցի պատասխանատուները արտաքին ճնշումներու կ՛ենթարկուին` առանց մտածելու ընդհանուրին եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան մասին: Ան նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու բոլոր համայնքները պէտք է միասնաբար գործեն` պահպանելու համար իրենց հայրենիքը, գոյութիւնն ու դերակատարութիւնը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը երկրին վնաս կրնայ հասցնել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները չեղեալ նկատուին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը մէկ չափանիշի վրայ ամբողջացնելու սկզբունքին շուրջ կարելի չէ սակարկութիւն կատարել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած ուշացումը շրջանային զարգացումներուն հետ կապելը սխալ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց Լիբանանեան համալսարանը զանց կացուցելու քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ լարուածութիւններէն: Ան շեշտեց, որ բոլորին պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանեան համալսարանը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ ներկայիս կան որոշ տուեալներ եւ նշաններ, թէ քաղաքական հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում, եւ թէ կարելի պիտի ըլլայ մօտիկ ապագային ունենալ նոր կառավարութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով պահանջուած չափանիշը այն է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի օգտագործէ իրեն յանձնուած իրաւասութիւնները:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուի այնպէս, ինչպէս որ պէտք է ան ներկայացուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ներկայ խորհրդարանի աշխատանքներուն ծիրին մէջ վերահաստատել գործադիր իշխանութեան նկատմամբ խորհրդարանին հսկողութեան դերակատարութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ միշտ կը ջանայ արգիլել Լիբանանեան ուժերուն իսկական ներկայացուցչութեան ապահովումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ոճիր է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալի պլոքէն դուրս սիւննի նախարարներու ներկայացուցչութիւնը ոճիր է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջուած է ապագային Հըզպալլայի շրջափակումը երաշխաւորելու նպատակով կառավարութիւն մը չկազմել:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապը Լիբանանի մէջ փտածութեան համաճարակին ամէնէն վտանգաւոր երեսն է, որ բոլորին համար բացայայտ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ պէտք է կազմել հզօր եւ ամուր կառավարութիւն մը, որ կարենայ երկրին զարթօնքը ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ զրպարտութիւնը ոճիր է եւ պատիժի արժանի, հետեւաբար պէտք է բոլորս պատասխանատու ըլլանք, յատկապէս ներկայիս տեղեկատուական մարզին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Հըզպալլա կը ջանայ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ քաղաքական ոչ մէկ ուժ պատիժի ենթարկելու կամ կառավարական կազմէն դուրս պահելու միտում գոյութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի մտադրած է եւ վճռակամ կը մնայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կազմելու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործեց Արքուպի, Հասպայայի, Նապաթիէի եւ Շքիֆ բերդին վերեւ` հասնելով մինչեւ Շէյխ լերան բարձունքները:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ արդէն իսկ նախարարութիւնները եւ զանոնք քաղաքական տարբեր ուժերուն յանձնելու կարելիութիւնները սկսած են քննարկուիլ: Ան շեշտեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է` ընդգծելով, որ ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, որպէսզի անոր վերագրուի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն աշխուժացումը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ, թէ կառավարութեան նոր կազմը կրնայ այս շաբթուան ընթացքին յայտարարուիլ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը գրած է, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին յայտնած է, որ ինք յանձնառու է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յանձնելու ուժային նախարարութիւն մը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը նոր փուլ թեւակոխած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կատարուած հանդիպումէն ետք:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարման յատուկ ժամացոյցներու չտեղադրուելուն պարագային ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը պիտի պատժուին, եւ պատիժը կրնայ հասնիլ մինչեւ բանտարկութիւն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին Շեպաայի եւ Կեդրոնական Պեքաայի շրջաններէն մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ Մասնաայի սահմանէն տունդարձ պիտի կատարեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի ընկերային եւ ապահովական իրավիճակը կարիքը ունի իր կարիքները հոգացող կառավարութեան մը:

Նախորդը

«Իրան Պիտի Զարգացնէ Թուրքիոյ Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Ճարտարարուեստի Մարզը Պէտք Եղած Հոգատարութեան Չ՛արժանանար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.