Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է` Արգիլելու Երկրին Գահավիժումը Դէպի Լարուածութիւն

August 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 14 օգոստոս 2006-ին սիոնականները ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին եւ ձախողեցան իրենց քաղաքական նպատակները իրագործել:

«Իսկ լիբանանցիներուն մէջ ամրապնդուեցաւ արդար իրաւունքը պաշտպանելու կամքը: 14 օգոստոս 2006-ը եղաւ այն օրը, երբ թշնամիին դիմադրող ժողովուրդը իր հայրենիքին նկատմամբ իր սէրը արտայայտեց: Այդ օրն է, երբ շրջանային տագնապի տարազները փոփոխութեան ենթարկուեցան, եւ շատ մը ուրուականներ վերացան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ կարդաց հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 4 օգոստոս 2006-ը այն թուականն է, երբ լիբանանցիները իրենց ինքնավստահութիւնը վերահաստատեցին, ինչպէս նաեւ` թշնամիին դէմ պայքարելու իրենց կարողութիւնը:

Մըքտատ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին համար ենթադրեալ պայմանաժամը երկար տեւած է` ընդգծելով, որ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան պլոքը կառավարութեան կազմութիւնը եւ անոր աշխատանքային ծրագիրի մշակումն ու վաւերացումը անհրաժեշտ կը նկատէ` արգիլելու համար երկրին գահավիժումը դէպի լարուածութիւն:

Մըքտատ հաստատեց, որ երկրին պետական գանձարկղի նիւթական բացը, տնտեսական սառած իրավիճակը, ելեկտրականութեան տագնապն ու այլ կենցաղային հարցերու եւ տագնապներու լուծումը առաջնահերթ հրամայականներ են, որոնք անմիջական գործադրութեան կարիք ունին: Մըքտատ ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ քաղաքական հաղորդակցութիւնը պարտադիր եւ միակ ելքն է` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին, լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ շինարարութեան մէջ լիբանանցիներուն ունենալիք ներդրումին:

Մըքտատ նշեց, որ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան պլոքը կը հաստատէ, որ այս մօտեցումէն բացի որեւէ այլ գրաւ ժամանակի կորուստի պիտի վերածուի, եւ անոր պատասխանատուութիւնը Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ստանձնէ:

Ան հաստատեց, որ պլոքը կը դատապարտէ Իրանի դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցները եւ իր վստահութիւնը կը յայտնէ Իրանի ղեկավարութեան նկատմամբ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.