ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը դրական քայլ մըն է` կառավարութեան կազմութեան իմաստով: Ան նշեց, որ հանդիպումին պիտի յաջորդեն շարք մը խորհրդակցութիւններ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւն գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով Նապաթիէի, Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, այլապէս` չկայ կառավարութիւն: Աուն ըսաւ նաեւ, որ Պասիլի եւ Զահլէի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ասաատ Նաքատի միջեւ կապը տակաւին չէ անջատուած:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Վատիկանի մէջ իր ստանձնած առաջնակարգ պարտականութիւններէն է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերականգնումը` նկատի ունենալով վերջերս անոր արձանագրած նահանջը: Խազեն շեշտեց, որ Վատիկան մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, յատկապէս քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի առած քայլերը ցոյց կու տան, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցչութեան հանգոյցը լուծելու գծով նոր գործօն մը ի յայտ եկած է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով Մըրիի ի գործ դրած ջանքերը: Նշենք, որ Մըրի նման այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ ընդգծեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն` աւելցնելով, որ իրենք հպարտ կը զգան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Վերա Եամմին հաստատեց, որ բոլորին համար յստակ դարձած է արդէն, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող հիմնական քաղաքական կողմը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն էր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ անոր հանդիպումը բացառիկ է` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ քաղաքական համաձայնութիւնը ամուր է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ կառավարութեան կազմութեան, օրէնսդրութեան եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած զարգացումը արդիւնք է այնպիսի խորհրդակցութիւններու, որոնց մասնակից դարձան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Հըզպալլան: