Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթն Ու Տնտեսական Կացութիւնը

August 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Քասսար հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետին ջանքերը ողջունելի են` մերժելով այդ հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

Քասսար կոչ ուղղեց` նոր կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմելու եւ դրուատեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու Հարիրիի յանձնառութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետ Հարիրիի եւ անոր ճիգերուն` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութիւնը անոր իրաւասութիւններու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ` աւելցնելով, որ վարչապետին իրաւասութիւններուն միջամուխ դառնալը մերժելի է նախկին նախարարը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հեզասահ դառնալու համար` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն օժանդակութեան եւ պահանջներէն զիջելու կարիք կայ:

Քասսար ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը առողջ եւ կարեւոր է գործադրելու համար տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները, որոնք խոստացուած էին Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին:

Ան յիշեցուց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին Լիբանանի խոստացուած է 11 միլիառ տոլարի յատկացում` բարգաւաճեցնելու համար իր ենթակառոյցը, բարելաւելու համար պետական գանձարկղին նիւթական իրավիճակը եւ զօրակցելու տնտեսական մարզին:

Հարիրիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացումներ արձանագրուած են` յուսալով, որ անոնք կ՛արդիւնաւորուին նոր կառավարութեան կազմութեամբ:

Վարչապետին այցելուներէն եղաւ նաեւ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Մշակուած Է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Եւ Բարգաւաճման Գործնական Եւ Ամբողջական Ծրագիր Մը, Որ Իր Նպատակները Պիտի Իրագործէ Օրինական Եւ Խաղաղ Միջոցներով»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.