ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ յայտարարեց, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 22 օգոստոսը կը զուգադիպի Ատհայի տօնի առաջին օրուան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Մոսկուա` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան: Կը նախատեսուի, որ Ռուսիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Արսլան հանդիպի ռուս պետական պաշտօնատարներու հետ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ շիի քաղաքական ուժերը` Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան անուղղակի ճնշում կը բանեցնեն Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու նպատակով:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ երկրին դատական իշխանութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ազատութիւններու պայքար գոյութիւն չունի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ Քոսթա Պրաւայէն բացի որեւէ այլ թափօններու թաղման վայր չկայ` հաստատելով, որ Քոսթա Պրաւան այլընտրանք չունի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց 26-28 օգոստոսին Զուիցերիոյ նախագահին Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները: Քննարկուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ամրապնդումը:
Սարրաֆի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով յստակ է, թէ մօտիկ ապագային համար վերջնական ընտրանքներ չկան տակաւին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկար տեւեց, որովհետեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի մէկ չափանիշի վրայ հիմնուելով չառաջնորդուեցաւ իր ջանքերուն մէջ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Անիս Նասսար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին օրինական պայմանաժամին մէջ կը մնան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթին մէջ արձանագրուած զարգացումը աննկատ է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ կը տիրէ տեղքայլ մը, որ կրնայ աւարտիլ տօնական օրերէն ետք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ ընդգծեց, որ ո՛չ Սէուտական Արաբիան եւ ո՛չ ալ ուրիշներ ուղղակիօրէն կապուած են կառավարութեան կազմութեան հարցին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը անհրաժեշտ եւ անմիջական կարիք է, ինչպէս նաեւ առաջնահերթութիւն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի պահանջեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործել: Ան շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել աղբի հրկիզման յատուկ սարքերու օգտագործումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի կոչ ուղղեց դիւրացնելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնը` հաստատելով, որ մեծամասնական կառավարութիւն պիտի չկազմուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ, անդրադառնալով կրթական հաստատութիւններուն դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն, յատկապէս` ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները կատարելու հարցին, ըսաւ. «Լաւ կ՛ըլլար, որ թիւ 46 օրէնքը աւելի լաւ սերտուէր, որպէսզի դպրոցները նման տագնապի դէմ յանդիման չգտնուէին: Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր ներդրումը ունենայ այդ յաւելումները վճարելու իմաստով»:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Մաշնուք առաջարկեց, որ կառավարութեան 56 առ հարիւրը բաղկանայ այնպիսի նախարարներէ, որոնք համայնքային եւ յարանուանական շահեր չեն հետապնդեր: Ան նշեց, որ ինք այդ համեմատութիւնը հետեւցուցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան պատկերէն` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ լիբանանցիներուն 43,5 առ հարիւրը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ Լիբանան այս փուլին շատ հզօր է` շնորհիւ իր բանակին եւ Դիմադրութեան հաւատքին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան կառչած կը մնան: «Տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութիւնը կը համապատասխանէ Լիբանանի Ազգային ուխտին, եւ ատիկա խախտելու իմաստով ոչ մէկ միտում ունինք», հաստատեց Ռայես:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ երեք օրեր զիրենք կը բաժնեն կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրին յստակացումէն: «Երեք օրէն կը յստականայ, եթէ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի՞, թէ՞ անոր կազմութիւնը պիտի յետաձգուի», ըսաւ Ալլուշ: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ընտրանքն է կառչած մնալ երկրին սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ խուսափիլ փողոց իջնելու ընտրանքէն:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի կացութիւնը չ՛արտօներ, որ կառավարութեան կազմութեան համար երկրին մէջ ցոյցեր կատարուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պատրաստ է զիջելու իրեն յանձնուելիք ուժային նախարարութենէն, եթէ իրեն շնորհուի հանրօգուտ շինութեանց, ընկերային հարցերու, կրթութեան կամ մշակոյթի նախարարութիւններէն մէկը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներէ, գրած է, թէ մինչեւ յառաջիկայ տարեվերջ կառավարութիւնը կարելի պիտի չըլլայ կազմել: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, գրած է, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ նոր հանդիպումի թուական չէ ճշդուած, սակայն վարչապետին դիմաց Պաապտայի դռները միշտ բաց են: