Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Համար Մեր Գծած Ռազմավարութիւնը Կ՛անդրադառնայ Զբօսաշրջական Բազմազանութեան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

September 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ազատ տնտեսական գօտիներու միութեան տարեկան համագումարին նախօրեակին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ տնտեսական գօտիներու միութեան տարեկան խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 19 – 20 նոյեմբեր 2018-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենար անցեալ նոյեմբերին, սակայն մետասաներորդ պահուն յետաձգուած էր` նկատի ունենալով վարչապետի հրաժարականը:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ այդ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին 35 երկիրներէ 500 անձնաւորութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ տնտեսական գօտիները, ուր կը հիւրընկալուին ամբողջ աշխարհի ճամբորդներն ու զբօսաշրջիկները: «Այս խորհրդաժողովին Լիբանանի մէջ կայացումը ապահովութիւն կը ներշնչէ եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ երկիրը կայուն է: Մենք կարողութիւնը ունինք աշխարհին ըսելու, թէ հասած ենք այնպիսի փուլի մը, որուն ընթացքին Լիբանան ի վիճակի է նման խորհրդաժողովներ հիւրընկալելու», ընդգծեց նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ խորհրդաժողովը կը վայելէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համար իրենց գծած ռազմավարութիւնը կ՛անդրադառնայ զբօսաշրջական բազմազանութեան, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնան զբօսաշրջութեան երկու հիմնական տեսակներ: Առաջինը` զուարճութեան զբօսաշրջութիւնն է, իսկ երկրորդը` խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութիւնը: «Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ տնտեսական գօտիներու միութեան խորհրդաժողովը այն խորհրդաժողովներէն է, որ կը ծառայէ Լիբանանի զբօսաշրջութեան», եզրափակեց նախարար Կիտանեան:

Նախարար Կիտանեան «Կուկըլ»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Կուկըլ»-ի ներկայացուցիչները` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին «Կուկըլ»-ի պատուիրակութիւնը  վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց «Սթրիթ վիւ» վերացական պտոյտի ծրագիրը, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի տեսարժան բոլոր վայրերը, ինչպէս նաեւ հնութիւնները տեղ գտած են «Կուկըլ»-ի քարտէսներուն վրայ եւ տրամադրուած աշխարհի տարածքին «Կուկըլ» օգտագործող աւելի քան մէկ միլիառ անհատի: Լիբանանի կարեւոր տեսարժան վայրերը կարելի է դիտել հետեւելով հետեւեալ կայքին. http://g.co/LebanonHighlightsAR

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի մեծապէս գնահատեց համացանցի ընդմէջէն ներկայացուած Լիբանանի համայնապատկերները:

Նախարար Կիտանեան Ներկայ Գտնուեցաւ
Երգչուհի Էլիսայի Մեծարանքին

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, երէկ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, մեծարեց երգչուհի Էլիսան` զայն նկատելով խաղաղութեան, հիւանդութեան դէմ պայքարի եւ կեանքի նկատմամբ սիրոյ դեսպան:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան ըսաւ. «Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, նախարար Ռիաշի կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ: Փաստը այն է, որ այսօր ան բոլորս համախմբած է յանդուգն կնոջ մը շուրջ, որ դիմադրած է իր հիւանդութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախարարին, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող դրական երեւոյթները կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ ժխտականները: Էլիսա Լիբանանի զբօսաշրջութեան երկնքին մէջ շողացող փայլուն խորհրդանիշներէն մէկն է»:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ամէն Բան Նոյն Վիճակին Մէջ Է»

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.