Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ` համայնքային հարցին պատճառով: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կանգ առած է եւ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կացութիւնը կը բարելաւուի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց հասցէին ուղղուած վերջին ամբաստանութիւնը այն է, թէ իրենք կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութիւնը: «Երեւակայեցէ՛ք, որ մենք մեր աշխատանքը կը խոչընդոտենք», հեգնեց Պասիլ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ դէպի պետական վարժարաններ լիբանանցի ծնողներուն ուղղուիլը կապուած է այդ դպրոցներուն ուսման մակարդակի բարձրացումին հետ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ լարուածութեան վերջ տալ` որոշ նախապայմաններու հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի միայն ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու ուղղութեամբ կը մտածէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ շեշտեց, որ քաղաքական եւ համայնքային լարուածութիւնն ու քինախնդրութիւնը երկրին նահանջին  պատճառ դարձած են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը Դիմադրութեան առաջնահերթութիւններէն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ ոմանց կողմէ կառավարութեան կազմութեան մօտեցումը սխալ է, որովհետեւ իշխանութեան մէջ մենատիրութիւնը սխալ մտայնութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցչութեան իմաստով թնճուկը կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին մօտ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան սեղմ կառավարութիւն մը, որ կը գործէ Լիբանանի մէջ, մինչեւ քաղաքական համաձայնութեան գոյացումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ ընդգծեց, որ քաղաքական լարուածութիւնն ու տարակարծութիւնները Լիբանանի շահերուն չեն ծառայեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարելուն պարագային, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դարձեալ անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է սահմանադրական եւ խորհրդարանական օրէնքները յարգելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ ինք Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը Իտլիպի զինուորական զարգացումներուն հետ չի կապեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ համայնքի մը ներկայացուցչութիւնը միայն քաղաքական մէկ ուժով սահմանափակողը ո՛չ միայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խոչընդոտէ, այլեւ` ամբողջ հանրապետութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ շեշտեց, որ առանց արդարութեան իրականացումին Լիբանանի մէջ կայունութիւն պիտի չըլլայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Իսրայէլի պայմանները չեն արտօներ, որ Լիբանանի դէմ յարձակում գործէ: Ան հաստատեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ժողովուրդին կեանքին եւ անոր կարիքներուն վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի նախագահ հայր Փիեռ Նաժըմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Էն. Տի. Եու.» եւ «Ազըմ» համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով տակաւին անել վիճակի չէ յանգած երկիրը` աւելցնելով, որ տնտեսական կացութիւնը զգայուն է եւ ոչ թէ վտանգաւոր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն:

«ՍԱՈՒԹ ԼՈՒՊՆԱՆ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յաջորդ հանդիպումին թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ այսօրուան յարաբերութիւնը աւելի քան երբեք լաւ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մտադրած է խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի հրաւիրել` նախքան սեպտեմբերի աւարտը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի լուրջ փորձեր կը կատարէ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար ընդունելի ելքեր ապահովելու: «Ժումհուրիա» գրած է նաեւ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կրնայ միջնորդել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի աղբիւրներէն, գրած է, թէ Մարատա հոսանքը բոլորին գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ, սակայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւն չկայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ հանդիպումներ կը կայացնէ, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան առումով Ֆրանսայի օժանդակութիւնը ապահովէ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, կը գրէ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը զօրակցի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը միտի ապահովել մէկ չափանիշի հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Եւրասիական Դաշինք` Ընդդէմ Արեւմուտքի՞

Յաջորդը

Տեղի Ունեցան Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?