Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Մէջ. Պասիլ Մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արտերկրի Լիբանանցիներու Մարդկային Պաշարներու Գ. Խորհրդաժողովին

September 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Քանատա: Մոնրէալի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Քեպեքի միջազգային եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան յարաբերութիւններու նախարար Քրիստին Սեն Փիեռի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Քեպեքի մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Ապա Մոնրէալի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի արտերկրի լիբանանցիներու մարդկային պաշարներու Գ. խորհրդաժողովին` ներկայութեամբ Քրիստին Սեն Փիեռի:

Իր խօսքին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ ամէնէն վատը այն է, թէ ո՛վ որ կը զոհուի եւ կը յոգնի` փտածութեամբ կ՛ամբաստանուի, իսկ ո՛վ որ փտածութեան մէջ կը մխրճուի` աշխատասէր կը նկատուի:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արտերկրի լիբանանցիներու իրաւունքներուն համար` աւելցնելով նաեւ, որ ուրիշներ կը ջանան այդ իրաւունքները խլել: «Նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու դէմ լուրջ պայքար կայ: Ոմանք կը փորձեն արտաքին ուժերու վստահիլ եւ դէմ դնել մեր կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն, որ լիբանանցիներ ստանան իրենց քաղաքացիութիւնը: Կարծէք Լիբանանի մէջ ոմանք կը փորձեն կառավարութիւնը դարձնել նուազ լիբանանեան եւ աւելի սուրիական, սէուտական, իրանեան, պաղեստինեան, օսմանական եւ իսրայէլեան», ըսաւ ան:

Պասիլ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու հաւանականութենէն: Ան նշեց, որ ինք համոզուած է արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքը գործադրելու, որովհետեւ անիկա արդար իրաւունք է, իսկ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է ատիկա  կատարել իր քաղաքացիներուն համար:

Ան նշեց, թէ ինչպէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին անոնք իրենց քուէներով մասնակցեցան, յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի ունենան նաեւ իրենց թեկնածուները եւ պիտի ներկայացուին լիբանանեան խորհրդարանին մէջ` մասնակցելով Լիբանանի ճակատագիրը ճշդող որոշումներուն:

Պասիլ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնը իրաւունք է եւ պարտականութիւն, որ պէտք է պարբերաբար գործադրուի:

Արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ քաղաքական գետնի վրայ իրենք յաջողած են սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու ծրագիրը ձախողեցնել, ինչպէս նաեւ կազմած են լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբ մը` տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:

Ան աւելցուց, որ իրենք կը գործակցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը արգելակող խոչընդոտները չէզոքացնելու նպատակով:

«Լիբանանի մէջ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու բնակեցման ծրագիրին դէմ դիմադրութիւնը պարզապէս քաղաքական կեցուածք չէ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ մը, որուն լուծման համար ան կարիքը ունի ձեզի` արտերկրի լիբանանցիներուն:

Պասիլ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ բազմազանութեան ժողովրդավարութեան մասին բացասականօրէն խօսողը չ՛ըմբռներ Լիբանանի գոյութեան իմաստն ու անոր պատգամին նպատակը: «Եթէ Լիբանան փուլ գայ, ապա բազմազանութիւնը կ՛իմաստազրկուի եւ աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ ծայրայեղութիւն եւ ահաբեկչութիւն», ընդգծեց Պասիլ:

Նշենք, որ Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զիատէ նոյն վայրին մէջ սարքեց ընթրիք մը` ի պատիւ Պասիլի:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Արտակարգ Իրավիճակի Չէզոք Կառավարութիւն Մը` Պահպանելու Համար Լիբանանը

Յաջորդը

Զբօսաշրջական Վարժանիստ` Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդին Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.