Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զբօսաշրջական Վարժանիստ` Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդին Մէջ

September 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զբօսաշրջական վարժանիստ մը` կազմակերպութեամբ խորհուրդի զբօսաշրջութեան յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Վարժանիստին մասնակցեցան զբօսաշրջական տարբեր մարզերու մէջ գործող 150 հաստատութիւններու սեփականատէրեր, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական մարզի սենտիքաներու նախագահներ:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ արտօնելի չէ երկիրը կասկածի տակ առնել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնող փոխադարձ մարտահրաւէրներ ուղղելու ճոխութիւնը չունինք: «Այս մասին կը յայտարարեմ քաղաքական իմ հանգամանքէս, քաղաքական համախմբումի մը պատկանելու իրականութենէն մեկնելով, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ ունեցած իմ յարաբերութիւններուս հիման վրայ», ընդգծեց նախարար Կիտանեանը:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ որոշ թիւերու եւ բաղդատութիւններ կատարեց 2010 եւ 2018 տարեշրջաններուն արձանագրուած արդիւնքներուն միջեւ:

Ան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մասին դրական յայտարարութիւններ կան, սակայն թիւերը 50 առ հարիւրի չեն հասնիր, ինչ որ էր պարագան 2010-ին:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ այս տարուան առաջին ութ ամիսներուն Լիբանան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը եթէ բաղդատենք 2010-ին առաջին ութ ամիսներուն Լիբանան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւին հետ, պիտի ստացուի հետեւեալը. «2010-ի առաջին ութ ամիսներուն Լիբանան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը մէկ միլիոն 492 հազար էր, իսկ 2018-ին առաջին ութ ամիսներուն Լիբանան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը մէկ միլիոն 339 հազար է, այսինքն տարբերութիւնը միայն 10 առ հարիւր է: Բայց եւ այնպէս ծախսուած գումարները քիչ են, այսինքն` զբօսաշրջիկներուն ծախսած գումարները զբօսաշրջութեան մարզը չեն բաւարարեր»:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու իմաստով Մըքքենզիի առաջարկը պէտք է սրբագրել, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնքներ կարելի ըլլայ ակնկալել:

Նախարար Կիտանեան Տնտեսական- ընկերային խորհուրդէն եւ զբօսաշրջական մարզերէն պահանջեց վաւերացնել մէկ բանաձեւ, որուն հիման վրայ կը շեշտուի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ծախսերու անսահմանափակ գործիքակազմով: «Այս իմաստով Եգիպտոսը, Յորդանանն ու Թուրքիան մեզմէ լաւ չեն, սակայն անոնք իրենց ունեցածը շուկայադրելու եւ վաճառելու ձեւը մեզմէ շատ աւելի լաւ գիտեն», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

Քանատայի Մէջ. Պասիլ Մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արտերկրի Լիբանանցիներու Մարդկային Պաշարներու Գ. Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Հաստատեն Քուէյթի Իշխանին Հանդէպ Յարգանքը` Մերժելով Անոր Դէմ Որեւէ Ամբաստանութիւն Կամ Ցեխարձակում

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.