Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր հսկողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու պատասխանատու գերագոյն յանձնախումբին գործակցութեամբ, սուրիացի տեղահանուածներ երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ հաւաքուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մօտ` դէպի Սուրիա տունդարձ կատարելու նպատակով:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ստուգեցին անոնց փաստաթուղթերը` կանխարգիլելու համար պետական փաստաթուղթերու գործառնութեան որեւէ սխալ, որ կրնայ արգելակել տեղահանուածներու վերադարձը:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Նասիպի անցքին բացման կարելիութիւնները:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ այս թղթածրարին առումով կը վարէ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աշխատանքը համադրողի դերակատարութիւնը: