Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի վաղը` չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Հալպուսիին` հաստատելով, որ լիբանանեան եւ իրաքեան խորհրդարանական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պիտի շարունակուին նոյն հեզասահութեամբ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ լարուածութիւն չկայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Շուֆի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը` չէզոք կառավարութեան մասին: Ան ընդգծեց, որ երկրին դիմագրաւած հարցերն ու տարակարծութիւնները լուծելու նպատակով չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու Ռայի պատրիարքին կոչը իմաստուն կեցուածք է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու իմաստով ներկայացուած պահանջներուն նպատակն է ջրել երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ան նշեց, որ ժողովուրդին կամքը անարգելու որեւէ փորձ կառավարութեան կազմութեան չի կրնար միտիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն շահերը այլոց շահերէն, յատկապէս կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերուն ստանալիք նախարարական չափաբաժիններէն շատ աւելի կարեւոր են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ հաստատեց, որ վարչապետին իրաւասութիւնները կարմիր գիծեր են, որոնք պէտք չէ շրջանցել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ ոմանց կողմէ քաղաքական վերաբերմունքը անհաւասարակշիռ է եւ անտրամաբանական:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը մեծաւ մասամբ ներքին պարտքերէ կուտակուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուի յառաջխաղացք մը, որուն բարիքը վայելէ Լիբանանը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա նշեց, որ ցաւալի է վկայել, թէ արտաքին ուժեր յանձնառու են Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան եւ երկրին բարօրութեան, իսկ լիբանանեան քաղաքական ուժեր յանձնառու են միայն իրենց շահերուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Թաէֆի համաձայնագիրը ոչ մէկ համայնքի կամ յարանուանութեան սեփականութիւնն է, այլ կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն եւ կ՛երաշխաւորէ անոնց միասնականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, թէ կառավարութեան կազմութենէն աւելի կարեւոր է, որ կազմուելիք կառավարութեամբ ներկայ իշխանութեան աշխատանքները չխոչընդոտուին:

ԿԱՊԱԼԱՌՈՒՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Մարուն Հըլու խստիւ դատապարտեց Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Սապահի դէմ ուղղուած ցեխարձակումները` շեշտելով, որ նման արտայայտութիւններ լիբանանեան մշակոյթին բնաւ մաս չեն կազմեր:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար մտահոգութիւն յայտնեց, որ ուսուցիչներուն, պետական պաշտօնեաներուն ու զինուորականներուն ստացած աշխատավարձի յաւելումներուն դէմ մղուած արշաւը եւ այդ յաւելումները ներկայ տնտեսական տագնապին պատճառը նկատելը կը միտի կասեցնել սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելում տալու արդար իրաւունքը:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական առումով ինքզինք գերին դարձուցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին, որ մօտիկ անցեալին անոր դէմ դաւադրութիւն սարքած էր:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին գծով ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կամ լուրջ քայլ գոյութիւն ունի:

 

 

Նախորդը

Այսօր` Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Ղեկավարներու Բանակցութիւններ

Յաջորդը

«Հըզպալլայի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Ամբողջ Լիբանանը Պիտի Ռմբակոծենք» Շեշտեց Իսրայէլացի Պատասխանատու Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?