Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դատը հետապնդելու նպատակով գործող Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լա Հէյի մէջ շարունակեց դատավարութեան իր նիստերը, որոնց աւարտին պիտի արձակուի վերջնական վճիռը:
Երէկ յետմիջօրէին ամբաստանող կողմը աւարտեց Միջազգային դատական ատեանին ներկայացուցած իր ատենախօսութիւնները` հաստատելով, որ չորս ամբաստանեալները` Մուսթաֆա Պատրէտտին, Հիւսէյն Օնէյսի, Ասատ Սապրա եւ Հասան Մերհի, յանցապարտներ են: