Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Մեկնի Հայաստան` Մասնակցելու Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը, այսօր կը մեկնի Հայաստան, ուր կը մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին: Կը նախատեսուի, որ Երեւանի մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որ պիտի շեշտէ կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենայ յանձնառու մնալ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին որոշումներուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Անտիոքի եւ...




















