Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Նիւ Եորքի Մէջ Արտասանած Խօսքիս Նպատակն Էր Լիբանանի Դիմագրաւած Հարցերուն Առումով Աշխարհը Իր Պատասխանատուութեան Դէմ Յանդիման Դնել»

Հոկտեմբեր 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ արտայայտած իր կեցուածքներուն նպատակն էր Լիբանանի իրաւունքին, գերիշխանութեան, արժանապատուութեան, անկախութեան եւ կայունութեան պաշտպանութիւնը` քաղաքական, զինուորական թէ բարոյական իմաստներով:

Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին նպատակն էր Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն առումով` աշխարհը իր պատասխանատուութեան դիմաց դնել:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է իմանայ ճշմարտութիւնները եւ անոր հիման վրայ գործէ», ըսաւ նախագահ Աուն` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը եւ երկրին գերագոյն շահերուն ապահովումը:

Նախագահ Աուն Ռաատէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային:

Իր կարգին, Ռաատ նախագահ Աունին փոխանցեց սէյիտ Նասրալլայի ողջոյնները` հաստատելով, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կը զօրակցի նախագահ Աունին, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին անոր արտասանած խօսքին:

«Նախագահ Աուն իր խօսքին ընդմէջէն փոխանցեց իր ազգային զգացումները` Լիբանանը ազատ, անկախ եւ գերիշխան տեսնելու իր նպատակը:  Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը նեցուկ կը կանգնի նախագահ Աունին` Լիբանանի ուժը, գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը ապահովող իւրաքանչիւր կեցուածքի պարագային: Կ՛ողջունենք նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ իր նախաձեռնութեամբ ջրեց Լիբանանի սպառնացող իսրայէլեան բոլոր սուտերը», ըսաւ Ռաատ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ, թէ իսրայէլեան սպառնալիքներուն ի տես լիբանանեան պետութեան պատասխաններն ու հակազդեցութիւնը բացառիկ էին եւ հաստատեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

Մաշնուք նշեց նաեւ, որ ինք նախագահ Աունին ներկայացուցած է ապահովական կառոյցներուն արձանագրած յաջողութիւնները` աւելցնելով, որ այս առիթով նախագահ Աուն իր կարգին ներկայացուցած է իր ճամբորդութեան ընթացքին տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն դրուատիքը` լիբանանեան ապահովական կառոյցներու աշխատանքին մասին:

Մաշնուք ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ ապահովական սպառնալիք չկայ, եւ անիկա շատ աւելի ապահով է, քան այլ բարգաւաճած երկիրները:

Մաշնուք շեշտեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովութեան ուժերուն ու բանակին միջեւ արձանագրուած բախումի հարցը, եւ նախագահ Աուն խոստացած է անձամբ լուծել զայն:

Մաշնուք ընդգծեց, որ նախագահ Աունը հետաքրքրած ամէնէն կարեւոր հարցը երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապն է, որ կարիքը ունի յաւելեալ խորհրդակցութիւններու եւ որոշումներու:

Մաշնուք հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով ինք ոչինչ ունի յայտարարելիք, որովհետեւ ինք այդ հոլովոյթին միջամուխ չի դառնար:

 

 

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Պահպանողական Կուսակցութեան Միջին Արեւելքի Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Պէյրութ

Յաջորդը

Պըրրի. «Նեթանիահուի Սպառնալիքները Տեղեկատուական Չեն»

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Նոյեմբեր 10, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?