ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պատրաստ է բոլորին համար զիջելու, սակայն սիւննի համայնքին պարագային ան ինքզինք կը տեսնէ անոր միակ ներկայացուցիչը:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքին կայունութիւնը ապագային եւս պահպանելու գծով Կեդրոնական դրամատունը հանգիստ կը զգայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի այն գաղափարին, որ պէտք է վերադառնալ խորհրդարան` նաւթահորերու պեղման յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհելու գծով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները կարելի է մեկնաբանել այն իմաստով, որ վարչապետը իր վերջնական որոշումը տուած է, «եւ այդ իմաստով մենք լաւատես ենք», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ստացած է քրիստոնեայ համայնքին քուէարկողներուն մէկ երրորդին քուէները, որ կառավարութեան մէջ հինգ նախարար ունենալու համազօր է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ հաշիշի ցանքին օրինականացումը օրէնքի ուժով պիտի ծածկէ մաքսանենգները` դիւրացնելով անոնց ընթացքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է իսկական օժանդակութիւն ցուցաբերէ վարչապետ Սաատ Հարիրիին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փոխվարչապետի պաշտօն վարողը իրաւասութիւններ չունի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատեցին, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը գործնական քայլեր պիտի վկայէ` Իտլիպի մէջ կատարուելիք դասաւորումներէն ետք:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը սպառնացած է օժանդակութիւնները կասեցնել այն նախարարութենէն, որ Հըզպալլայի կողմէ կը ստանձնուի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կառչած կը մնայ կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու քայլերուն` հարուածելու համար ներկայ իշխանութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է Իտլիպի համաձայնագիրին գործադրութեան, որ պիտի կատարուի ընթացիկ ամսուան կիսուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող տարբեր արգելքներու վերացումը ներկայիս շատ աւելի առկայ է:


