Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Հաւանաբար Մէկ Շաբաթէն Կամ 10 Օրէն Կառավարութիւնը Կազմուի»

Հոկտեմբեր 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Բրիտանական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեցին Տնտեսական Գործակցութեան Աշխուժացման Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պահպանողական կուսակցութեան Միջին Արեւելքի խմբակցութեան խորհրդարանական մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած բարգաւաճումը, մասնաւորապէս լիբանանեան-բրիտանական գործակցութիւնը զինուորական մարզին մէջ:

Բրիտանական պատուիրակութիւնը ընդգծեց Լոնտոնի փափաքը Լիբանանի հետ տնտեսական գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու առումով:

Ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ բրիտանական զօրակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս մարզումի եւ բանակին նուիրուած զինուորական սարքերու ու զինամթերքի գծով:

Բրիտանական պատուիրակութիւնը ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ ապահովական իր նուաճումներով Լիբանանի մէջ կայունութիւն հաստատեց:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի, յատկապէս լիբանանեան բանակին մատուցուած բրիտանական զինուորական օժանդակութեան համար` աւելցնելով, որ բրիտանական մարզումներուն շնորհիւ լիբանանեան բանակը կրցած է ապահովական մակարդակի վրայ նուաճումներ արձանագրել` տապալելով ահաբեկչական խմբաւորումները եւ ազատագրելով Լիբանանը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ ողջունեց բրիտանական տարբեր ընկերութիւններու կողմէ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Աուն խնդրեց, որ Լոնտոն զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութեան մասին Լիբանանի կեցուածքին: Ան նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մեծ մասը փափաք յայտնած է վերադառնալու իր հայրենիքը, եւ Լիբանան ընդառաջած է այդ փափաքին:

Նշենք, որ բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` առեւտուրի եւ տնտեսութեան մարզերուն պարագային:

Բրիտանական պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ Բրիտանիա կը փափաքի առեւտրական մարզին մէջ օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի երկիրը բարգաւաճի եւ լիբանանցիները բարօրութիւն ստանան:

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Մօտալո՞ւտ

Երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող` խօսնակ Մարսել Ղանըմի վարած «Սար էլ Ուաքթ» յայտագիրին հիւրն էր վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ երկրի զանազան հարցերուն, ոլորտներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, պետական կառոյցներու աշխատանքին եւ կառավարութեան կազմութեան:

Վարչապետ Հարիրի յայտարարեց, որ հաւանական կը նկատէ 1 շաբաթէն կամ 10 օրէն կառավարութեան կազմութիւնը: Ան ըսաւ, թէ երկրին մէջ տնտեսական կացութիւնը շատ դժուար է եւ չի դիմանար յաւելեալ ներքին անհամաձայնութիւններու բեռին:

Խօսելով ներքին քաղաքական կեանքին եւ կառավարութեան կազմութեան մասին` վարչապետ Սաատ Հարիրի ըսաւ. «Պատրաստ եմ Ազգային ազատ հոսանքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն տալու իմ բաժինէս` յանուն կառավարութեան կազմութեան»: Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ մէկուն սիրոյն Սուրիա պիտի այցելէ: Ան յայտնեց, որ կազմուելիք նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ պիտի նշուի, թէ Լիբանան ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ սուրիական տագնապէն:

 

Նախորդը

Խուրի Եւ Մաշնուք Կը Շեշտեն Ելեկտրածին Շարժակներով Ստացուած Ելեկտրականութիւնը Ժամացոյցներով Օժտելու Որոշումին Գործադրութիւնը

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրները Կը Շարունակեն Ընդհանուր Քարտուղարի Փոխարինման Հարցով Աշխուժ Քննարկումները

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?