Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ իրենց նպատակն է ելեկտրածին շարժակներու միջոցով ելեկտրականութիւն հայթայթելու մարզը կազմակերպել եւ կարգաւորել, որովհետեւ լիբանանցիներուն համար կացութիւնը դարձած է անհանդուրժելի:
Խուրի յայտնեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն հետ համաձայնած է ելեկտրականութեան համար վճարուելիք գումարին շուրջ որոշ փոփոխութիւններ կատարել:
Խուրի կոչ ուղղեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն իրենց մտահոգութիւնները անձամբ իրեն հետ բաժնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել քաղաքացիներուն իրաւունքը եւ կազմակերպել այդ մարզը:
Խուրի յայտնեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը չեն մերժեր ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով օժտել:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն, որոնք պետութեան բացակայութեան քաղաքացիին կը ծառայեն:



