Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերու լիազօր ներկայացուցիչ Ճիորճիոս Քաթրոկալոսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քաթրոկալոս հաստատեց, որ իր այցելութեան նպատակն է տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ մշակել միացեալ տնտեսական ռազմավարութիւններ:
Ան հաստատեց, որ Յունաստան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Եւրոպական Միութեան հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Քաթրոկալոս ընդգծեց, որ Յունաստան յառաջիկայ դեկտեմբերին պիտի կազմակերպէ զբօսաշրջական խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին Լիբանան պիտի դառնայ պատուոյ հիւր: «Լիբանանը տեսնելէ ետք կը հաստատեմ, որ այս երկիրը մեծ թիւով վայրեր ունի ցուցադրելիք զբօսաշրջիկներուն: Լիբանան ունի նաեւ տնտեսական եւ մշակութային գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններ», հաստատեց ան:
Քաթրոկալոս յայտնեց նաեւ, որ ինք վարչապետ Սաատ Հարիրիին յանձնած է անոր յոյն պաշտօնակիցէն ուղղուած հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու հոկտեմբերի աւարտին տեղի ունենալիք արաբական-եւրոպական վեհաժողովին:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ Աքքարի քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահները, որոնք քննարկեցին Աքքարի կարիքները: