ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ իսրայէլեան գոյացութեան կողմէ Դիմադրութեան ուղղուած` հրթիռներու պահեստանոցներու վերաբերող ամբաստանութիւններուն նպատակն է լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել: Միւս կողմէ, շէյխ Քապալան դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները` Պաղեստինեան դատին զօրակցութեան գծով, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը` Իսրայէլի ամբաստանութիւնները ջրելու իմաստով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ եթէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքը չբարելաւուի եւ անոր ընդարձակումը չգործադրուի, ապա այս տարուան ընթացքին օդակայանին դիմագրաւած բոլոր հարցերը պիտի կրկնուին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ տիզըլը` 200 լ. ոսկիով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ օրէնքը առաջին ոտնահարողները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնք օրէնքի կապուած իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն խախտած են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են թշնամիին դիմադրելու, եթէ ան մտածէ Լիբանանի դէմ յարձակում գործելու մասին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ խորհրդարանի առողջապահութեան յանձնախումբը պիտի գումարէ այլ նիստ մը` քննարկելու համար քաղցկեղի յատուկ դեղերու ապահովումին վերաբերող յաւելեալ պիւտճէ պահանջելու կարելիութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ սիոնական գոյացութիւնը հիմնուած է իրաւունքի բռնագրաւման վրայ` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը հրթիռներու գոյութեան մասին իսրայէլեան ամբաստանութիւնները խաբկանք են:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին յանձնառու մնալ երկրին միասնականութեան եւ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկը յառաջացնողը նոյն կողմն է, որ փորձած է անտեսել երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ուաշինկթընի քաղաքական աշխատանքը նահանջած է, առանց սակայն իր ազդեցութիւնը ունենալու լիբանանեան-ամերիկեան զինուորական եւ ապահովական գործակցութեան վրայ: