Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի սպառնալիքները տեղեկատուական չեն, այլ` իսրայէլեան թշնամական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն:
Պըրրի շեշտեց, որ իսրայէլացիները վստահած են Քիսինճըրի այն տեսութեան, որ Լիբանան աշխարհագրական մնացորդաց է:
«Լիբանանցիները կեանքը սիրող են եւ գիտեն ինչպէս պաշտպանել իրենց արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Անոնք բաւարար ժամանակ ունին դիմադրելու եւ մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն ընդդիմանալու», ըսաւ Պըրրի:
Ան բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտայայտած կեցուածքը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առած քայլը` պատասխանելու իսրայէլեան սպառնալիքներուն: «Իսրայէլեան այդ սպառնալիքներուն պատասխանելու այբուբենը կ՛ամփոփուի ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան կազմութեամբ, հետեւաբար նաեւ լիբանանեան միասնականութեան ցուցաբերումով», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով յոյսեր կան` աւելցնելով, որ աւելի ուշ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ հանդիպում մը պիտի կատարուի այդ գծով:
Տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն դիմագրաւած հարցերուն անդրադառնալով` Պըրրի ընդգծեց կառավարութեան արագ կազմութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին դարձեալ քննարկուեցան Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, Դիմադրութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները` Պէյրութի միջազգային օդակայանին շրջակայքը հրթիռներու պահեստանոցներ ունենալու մասին, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի կատարած ծիծաղելի յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին աւելի քան երբեք պատերազմի պատրաստ ըլլալու Իսրայէլի տրամադրութեան:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ. «Իսրայէլ դարձեալ կը փորձէ չարաշահել արաբական կացութիւնը, որպէսզի յարձակի Լիբանանի վրայ եւ վրէժ լուծէ անկէ` ջրելով Լիբանանի արձանագրած բոլոր յաղթանակները: Իսրայէլեան սպառնալիքներուն պատասխանել կ՛ենթադրէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել: Այս առումով կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցիներուն լրջութեամբ վարուելու այդ սպառնալիքներուն հետ»:
Խալիլ ընդգծեց, որ ներկայ կացութեան առընթեր պէտք է կազմել նոր կառավարութիւնը` երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերելու համար:



