Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Անկախ Սիւննի Երեսփոխանները Պահանջեցին Կառավարութեան Մէջ Ներկայացնել Իրենցմէ Մէկը

November 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց անկախ սիւննի երեսփոխանները, որոնք են` Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ֆայսալ Քարամէ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Քասեմ Հաշեմ, Ժիհատ Սամատ եւ Ատնան Թրապուլսի:

Հանդիպումին ընթացքին սիւննի երեսփոխանները նախագահ Աունին ներկայացուցին յաջորդ կառավարութեան մաս կազմելու իրենց պահանջը:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ շեշտեց, որ իրենք 6 երեսփոխաններ են, որոնք ստացած են սիւննի համայնքին քուէներուն 30 առ հարիւրը, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պնդէ, որ ինք կառավարութեան մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին սիւննի նախարարներէն բացի նախարար պիտի չնշանակէ, ինչ որ կը հակադրուի սկսած աշխատանքին:

Մըրատ հաստատեց, որ նախագահ Աունէն պահանջած են նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ իրենց պլոքը ներկայացնել մէկ նախարարով, որ իրենցմէ մէկը կրնայ ըլլայ: Ան աւելցուց, որ այդ քայլը կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտին միակ եւ վերջնական լուծումն է:

Մըրատ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի` աւելցնելով, որ իրենք չեն ուզեր զոհ դառնալ:

Իր կարգին, Սըքքարիէ շեշտեց, որ սիւննի համայնքին մէջ իրենք կը ներկայացնեն քաղաքական այլ ուղեգիծ մը` նշելով, որ իրենք խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող սիւննի համայնքը: Սըքքարիէ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց կեցուածքին եւ ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ իրենցմէ` վեցէն մէկուն նախարար նշանակուելու պահանջին:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ պատասխանելով վարչապետ Հարիրիի այցելելու հաւանականութեան մասին լրագրողներուն հարցումին, ըսաւ. «Անկասկած պիտի այցելենք վարչապետ Հարիրիի»:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Քարտելը

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Պըրնել Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ իսրայէլեան այն զրպարտութիւնները, թէ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ կան զէնքի պահեստանոցներ եւ թաքստոցներ, անհիմն են եւ անհեթեթ: Ան նշեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններն ու դիւանագիտական անձնակազմը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ այցելած են իսրայէլեան յերիւրանքներուն վայրը եւ փաստած, որ հոն բան չկայ, ապա աւելի մեծ ապացոյց չի կրնար ըլլալ:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հաստատած է, որ այդ շրջաններուն մէջ զէնքի պահեստանոց չկայ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ երկրին ապահովական կայունութեան եւ կը հսկէ սահմանային Կապոյտ գիծի կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: «Մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կատարել` ծովային, ցամաքային եւ օդային առումով, միշտ անտեսելով միջազգային բանաձեւերը, որոնք բխած են ՄԱԿ-էն կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն», հաստատեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով Լիբանանի կոչը: Ան աւելցուց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցարդ կատարուած տունդարձի աշխատանքը սուրիացի տեղահանուածներուն կողմէ կամովին վերադառնալու պահանջին ընդառաջում է` աւելցնելով, որ տունդարձ կատարած սուրիացի տեղահանուածներուն նեղութիւն պատճառելու ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու տեղահանուածներու տունդարձի երաշխաւորման:

Նախագահ Աուն Քարտելին ներկայացուց նաեւ Լիբանանը երկխօսութեան միջազգային մարդկային ակադեմիայի վերածելու ծրագիրը` նկատել տալով, որ ինք այդ ծրագիրը ներկայացուցած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա, Վատիկան եւ Զուիցերիա ողջունած են Լիբանանի նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ ՄԱԿ իր կարգին կը հովանաւորէ այդ նախաձեռնութիւնը:

Քարտել նախագահ Աունին յայտնեց, որ ինք Պէյրութէն պիտի մեկնի Նիւ Եորք` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին Ապահովութեան խորհուրդին իր ընթացիկ տեղեկագիրը ներկայացնելու: Ան նշեց, որ ՄԱԿ գոհունակ է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ հեզասահ գործակցութեան գծով, ինչպէս նաեւ կ՛արժեւորէ իր երկրին մէջ մեծաթիւ սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու Լիբանանի պատրաստակամութիւնը:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. Թայմուր Ժոմպլաթ – Սլոցքի Հանդիպում

Յաջորդը

Քլինցեւիչ. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի Հարցով Ճնշեն Հայաստանին, Կայ Ռուսիան` Կ՛աջակցի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.