Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժրայսաթի Եւ Խուրի Կը Հաստատեն, Որ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերը Պիտի Հետապնդեն

November 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ արդարութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեցին միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձան ելեկտրածին շարժակներու միջոցով ելեկտրականութիւն հայթայթելու մարզին եւ անոր դիմագրաւած ներկայի դժուարութիւններուն:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հատաթի քաղաքապետ Ժորժ Աուն:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախարար Ժրայսաթի ակնարկեց օր մը առաջ ելեկտրածին շարժակներու կարգ մը սեփականատէրերուն կողմէ երեկոյեան ժամը 5:00-7:00 բաժանորդագրուող քաղաքացիներուն ելեկտրականութիւն չհայթայթելու արարքին եւ դատական իշխանութիւններուն որդեգրած համապատասխան քայլերուն:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն այդ արարքը խիստ մերժելի է եւ քրէական ոճիր կը նկատուի` պետութեան որոշումներուն չենթարկուելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն իրաւունքը ոտնակոխելու առումով:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ օրէնքի ուժով պիտի հետապնդեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն լիբանանեան պետութեան որոշումներուն չենթարկուիլ: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բոլորէն հզօր է, եւ պետութեան հեղինակութիւնն ու որոշումները անկարելի է հարուածել:

Ան կոչ ուղղեց հետեւելու Հատաթի քաղաքապետարանի քայլին եւ տուրքեր պարտադրելու ելեկտրածին շարժակներու այն սեփականատէրերուն դէմ, որոնք կը մերժեն ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով օժտել:

Ժրայսաթի նշեց, որ շարժակներու նման սեփականատէրեր դատական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի հետապնդուին:

Միւս կողմէ, Ռաէտ Խուրի ընդգծեց, որ  ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ քաղաքացիներուն սպառնալը եւ զանոնք շանթաժի  ենթարկելը կտրականապէս մերժելի է:

«Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ այդ  շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով օժտելը ընտրութիւն չէ, այլ` պարտադրանք, որովհետեւ անիկա քաղաքացիին իրաւունքն է», ըսաւ ան:

Խուրի հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը անձնական ծառայութիւն չէ որ կը մատուցեն, այլ` հանրային ծառայութիւն:

Խուրի շեշտեց, որ ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով օժտելու պարագային, քաղաքացին պիտի վճարէ միայն ժամացոյցին եւ ելեկտրական լարին գինը, որ 50 հազար լ. ոսկիի սահմանները չ՛անցնիր:

Նշենք, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը հրապարակեց 1739 թիւը կրող թէժ գիծ մը, որուն միջոցով կարելի է բողոքել ելեկտրածին շարժակներու այն սեփականատէրերուն դէմ, որոնք կը մերժեն շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով օժտել:

Նախորդը

Բրիտանիա Պիտի Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանեան Բանակին

Յաջորդը

Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Պատերազմի Լեզուով

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.