Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Պէյրութի Խոհարարութեան Փառատօնին Եւ Տուրմի Ցուցահանդէսին

November 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Սիսայտ» համալիրին մէջ բացումը կատարեց Պէյրութի խոհարարութեան Ը. փառատօնին եւ տուրմի Ե. ցուցահանդէսին:

Զոյգ ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցաւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր, ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն, Ճաշարաններու, սրճարաններու եւ զբօսավայրերու սենտիքայի փոխնախագահ Խալետ Նազհա, Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ դեսպաններ:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Հոսփիթելիթի սրվիսըզ» ընկերութեան, որ կազմակերպած էր փառատօնն ու ցուցահանդէսը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց անցեալ հոկտեմբերին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած թիւերուն համար` նշելով, որ ըստ հոկտեմբերի տուեալներուն, զբօսաշրջութեան մարզը 17 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատելով հոկտեմբեր 2017-ի համեմատութիւններուն:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ արձանագրուած աճը բաւական մեծ է` նկատի ունենալով, որ Լիբանան այցելած են աւելի քան 160 հազար զբօսաշրջիկներ` զբօսաշրջութեան եւ ներդրումներու մարզերու պատասխանատուներու ջանքերուն շնորհիւ:

Նախարար Կիտանեան նախատեսեց, որ այս տարուան ընթացքին Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը հասնի երկու միլիոնի:

«Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկագիրին համաձայն, 2017-ին Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ծախսուած է   7 միլիառ եւ 600 միլիոն տոլար, մինչդեռ մենք կը կարծէինք, որ այդ ծախսը 4 միլիառ եւ 500 միլիոն տոլարի սահմաններուն մէջ է: Հետեւաբար զբօսաշրջութեան մարզին միջոցով Լիբանան մուտք գործած 7 միլիառ եւ 600 միլիոն տոլար գումարին շնորհիւ, Լիբանան 150 երկիրներու մէջ գրաւած է 32-րդ դիրքը», յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Ա. Կիտանեան շրջեցաւ խոհարարներու փառատօնի տարբեր տաղաւարները եւ ներկայ գտնուեցաւ տուրմով պատրաստուած հագուստներու ցուցահանդէսին:

Նախորդը

Պըրրի Խուրիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրածին Շարժակներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Տեղահանուածներուն Օժանդակութեան Տրամադրումը` Անոնց Սուրիա Մեկնումէն Ետք, Պիտի Քաջալերէ Տունդարձը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.