Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսթաքպալ Պլոքը Կառավարութեան Կապուած Վերջին Պահանջը Խոչընդոտ Կը Նկատէ

November 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գլխաւորութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին բարձր գնահատուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերը` կառավարութեան կազմութեան նպատակով:

Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իմաստով առաջադրուած վերջին պահանջը խոչընդոտած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Այս շրջագիծին մէջ, Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մերժողական կեցուածքը այդ պահանջին նկատմամբ: Պլոքը նախագահ Աունի կեցուածքը գնահատեց իբրեւ ազգային բարձր գիտակցութենէ բխող կեցուածք, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նկատմամբ յանձնառութիւն:

Մուսթաքպալ պլոքը քննարկեց նաեւ օրէնսդրական նիստին մասնակցելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրը եւ համաձայնութիւն յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերելու այդ նիստին` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն երաշխաւորումին:

Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպումը Կառավարութեան Կազմութեան
Ուշացումին Պատասխանատու Կը Նկատէ Վարչապետը

Միւս կողմէ, Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը երէկ գումարեց նիստ մը, որմէ ետք երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ իրենց համար անակնկալ չեն եղած կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնելու առումով հնչած արտայայտութիւնները:

Մըրատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի յապաղումին պատասխանատուն վարչապետ Սաատ Հարիրին է, որ վեթոյի կ՛ենթարկէ իրենց արդար ներկայացուցչութիւնը` սիւննի համայնքին ներկայացուցչութեան մենաշնորհը պահելու մարմաջին պատճառով:

Նախագահական պալատ այցելութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մըրատ շեշտեց, որ այդ իմաստով ոչ ոք կապուած է իրենց հետ` աւելցնելով, որ իրենք կը սերտեն այդ կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Պահանջեց Գիշերային Զբօսավայրերուն Մէջ Անչափահասներուն Մուտքը Արգիլել

Յաջորդը

Բրիտանիա Պիտի Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանեան Բանակին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.