
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանը իր ընթացիկ նստաշրջանին մէջ է, եւ երկիրը օրէնսդրական աշխատանքի խիստ կարիք ունի:
Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով ոչ մէկ նորութիւն կայ: