Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ նախագահեց Տար Ֆաթուայի հոգեւոր դատական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սիւննի համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ փափաք եւ կարողութիւն ունի ընդդիմադիր սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը լուծելու նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկրին իշխանութիւնները իրենց առաջարկած են կառավարութեան մաս կազմել, սակայն իրենք մերժած են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին Պէյրութ վերադառնալու եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցելու` հաստատելով, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը այլընտրանք չունի, իսկ նախապատուութիւնը պէտք է ըլլայ դատական իշխանութիւններու անկախ գործունէութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շարունակեց ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմել` դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները ձերբակալելու նպատակով: Այս նպատակով բանակը կատարեց կարգ մը ներխուժումներ եւ ձերբակալեց շարք մը յանցագործներ` Պեքաայի Քնայսէ գիւղաքաղաքին մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ գուշակել կառավարութեան կազմութեան թուականը: Ան յոյս յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստը առիթ մը ըլլայ խորհրդակցելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց կառչած մնալու Սաատ Հարիրիի վարչապետութեան պաշտօնին եւ ամէն գնով նեցուկ կանգնելու անոր` կառավարութեան կազմութեան իր աշխատանքին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց հիմնելու օրէնքի պետութիւնը` հաստատելով, որ փտածութիւնը հետեւողականութեան մէկ բաժինն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ այս շաբաթ վճռական է` կառավարութեան կազմութեան իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ սուրիական բանակը յաջողած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած տիւրզիները ազատել: Արսլան շեշտեց, որ այս քայլով սուրիական բանակը կը փաստէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկրի տիւրզի համայնքին ապահովութեան երաշխաւորն է, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ Սուրիոյ յաղթանակը մօտալուտ է:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանան տանող մայրուղիին միանալու նպատակով Սայտայէն բացի այլընտրանք գտնելու:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան բարձր գնահատեց սուրիական բանակին կողմէ տիւրզի համայնքին առեւանգուած զաւակները փրկելու քայլը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքը պիտի լուծուի Ծոցի երկիրներուն կողմէ` աւելցնելով, որ Լիբանան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հեղինակութիւններուն միջեւ պատերազմի կռուախնձոր մըն է:

ԻՐԱՒԱԲԱՆ Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Մարատա հոսանքին ռազմավարական դաշնակիցն է, հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ Լիբանանի մասին Միջազգային դրամատան տեղեկագիրը բացայայտած է, թէ Լիբանանի տնտեսական տագնապը պատճառ պիտի դառնայ, որ երկրին ելեւմտական առաստաղը փուլ գայ բոլորին գլխուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան հետ Մոսկուայի յարաբերութիւնները բնականոն են, իսկ լիբանանեան կուսակցութիւններուն հետ յարաբերութիւնները` բաւական հեզասահ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող սիւննի համայնքի ներկայացուցիչները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու պահանջը` աւելցնելով, որ տնտեսական առումով Լիբանան կարմիր գիծերը անցած է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական կարգ մը ուժեր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն խնդրած են` ջանալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներուն լուծում գտնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է` Միքաթիի մօտիկ սիւննի ներկայացուցիչ մը նշանակելու:

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Մէջ Դանակով Յարձակում

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանը Ռմբակոծելու Իր Սպառնալիքները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.