Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Հիմնական Հարցը Արտաքին Աշխարհէն Կախեալ Ըլլալու Փորձանքն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

November 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ո՛չ միայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, այլ նաեւ այլ հարցերու վերաբերեալ կարելի չէ լիբանանցիներուն լաւատեսութիւն ներշնչել:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները խոչընդոտող վերջին հանգոյցը` ընդդիմադիր սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը, առաջին օրէն իսկ առկայ էր:

«Անշուշտ կային նաեւ այլ հարցեր, որոնք լուծուեցան, սակայն անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը մնաց առկախ: Խորքին մէջ ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը եւ նոր օրէնքին հիման վրայ կայացած երեսփոխանական ընտրութիւններուն նպատակը այն էր, որ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող գրեթէ բոլոր շերտերը ներկայացուին թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ կառավարութեան մէջ: Այսօր կան երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներ, եւ կարելի չէ ցուցաբերել այնպիսի մօտեցում մը, որ այս 6, 7 կամ 8 երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրաւունք չունին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան նշեց, որ այս պարագային հարցը համայնքային կամ յարանուանական չէ, այլ` քաղաքական է, եւ անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան մէջ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծումը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան չգտնուելուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւնները, թէ ան հրաժարած է կառավարութիւն կազմելէ, Յ. Բագրատունի անհեթեթ եւ անճիշդ նկատեց` աւելցնելով, որ այդ ժամանակաւոր բացակայութիւնը կը միտի առիթ տալ բոլոր կողմերուն հանգստանալու եւ հանդարտ որոշումներ տալու:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ անցնող 5 ամիսներուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերով է, որ կարելի եղաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող զանազան հարցեր լուծել, եւ կոչ ուղղեց Պըրրիին սիւննիական ներկայացուցչութեան թնճուկը հանգուցալուծելու:

«Ես վստահ եմ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ի վերջոյ պիտի լուծէ այս հարցը, որովհետեւ սիւննի ընդդիմադիրները իշխանութեան զօրակից են, իսկ վարչապետն ու հանրապետութեան նախագահը իրենք են իշխանութիւնը: Հետեւաբար ե՞րբ եւ ո՞ւր անոնք պիտի ընդդիմանան: Եթէ կան որոշ հարցեր, մենք ալ կրնանք ընդդիմանալ, ժողովրդավարութիւնը այս կ՛ենթադրէ եւ կարելի չէ քարացած տեսակէտներով եւ կեցուածքներով ընթանալ ժողովրդավարական կեանքին մէջ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ ուշացնել, որովհետեւ անիկա ուշ կամ կանուխ պիտի կազմուի:

«Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին իմաստով ոչ ոք կարելի է ամբաստանել: Հիմնական յանցանքը երկրին համայնքային դրութեան մէջ կ՛իյնայ, ինչպէս նաեւ նախարարութիւններու ուժային ըլլալու, կշիռ ներկայացնելու եւ կարգ մը նախարարութիւններ այս կամ այն համայնքին մենաշնորհելու երեւակայական աշխարհին: Ոմանք կը պնդեն ծառայութիւններու յատուկ նախարարութիւններ ստանձնել, սակայն ի վերջոյ այդ նախարարները միայն իրենց շրջաններո՞ւն պիտի ծառայեն, թէ՞ ամբողջ Լիբանանին», հարց տուաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան բաւական դժուար վիճակի մէջ կը գտնուի` տնտեսական եւ ելեւմտական իմաստով:

«Լիբանանին սպառնացող այս վտանգին դիմաց, մենք բոլորս պէտք է համեստ ըլլանք: Թէ ընդդիմադիր սիւննիները ինչպէ՞ս կը ներկայացուին` հանրապետութեան նախագահի՞ն, վարչապետի՞ն, թէ՞ շիի համայնքին բաժինէն, սակայն պէտք է լուծում գտնել: Եթէ լուծումներ չգտնուին, կառավարութիւն չկայ, վարչապետ Հարիրի չկայ, նախագահ Աուն չկայ, իշխանութիւն չկայ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան ըսաւ, որ կան սահմանադրական լուծումներ, որոնք կրնան աւելի դժուար ըլլալ, քան կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ ի վերջոյ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան:

«Դարձեալ կոչ կ՛ուղղեմ խորհրդարանի նախագահին այս հարցին ուղեգիծ մը ճշդելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ լուծումներ գտնողը, այս հարցն ալ կրնայ լուծել:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն հիմնական հարցը արտաքին աշխարհէն կախեալ ըլլալու փորձանքն է` Լիբանանի անկախութենէն առաջ եւ անկախութենէն ետք:

«Կը կարծէինք, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ փորձանքէն դուրս գալ, սակայն տակաւին պատրաստ չենք այս հարցը փարատելու: Մեծ պետութիւնները արդէն իսկ հակումներ ունին փոքր պետութիւններու հարցերուն միջամուխ դառնալու, սակայն այս պարագային մենք է, որ առիթ կու տանք, որ իրենք միջամտեն մեր հարցերուն: Եթէ մենք առիթ չտանք` դռներն ու պատուհանները փակենք, ապա ոչ ոք կրնայ միջամտել: Օժանդակութիւն խնդրել կը նշանակէ միջամտութիւն պահանջել: Յստակ է, որ կառավարութեան կազմութիւնը շրջանային եւ միջազգային տարբեր տեսակի խնդիրներու եւ իրավիճակներու կապելու փորձեր կան, սակայն կարեւորը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ անիկա Հըզպալլայի շահերուն կը ծառայէ: Այս իմաստով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը իրենց շահերուն կը ծառայէ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինչպէս զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան քայլ էր` այլ պետութիւններուն կողմէ իրենց հարցերով տարուած ըլլալուն իբրեւ արդիւնք, կառավարութեան կազմութիւնն ալ կրնայ այդպէս ըլլալ:

Ան շեշտեց, որ քաղաքական լարուածութիւնը հանդարտեցնելու լաւագոյն ձեւը քաղաքական համեստ բառամթերքի գործածութիւնն է: «Եթէ երեք կամ չորս օր կարելի ըլլայ պատկերասփիւռի կայաններուն սփռած քաղաքական յայտագիրները եւ քաղաքական լուրերու սփռումը կասեցնել եւ առիթ տալ, որ քաղաքական ղեկավարութիւնները խօսակցին իրարու հետ եւ կառավարութեան կազմութեան թուական ճշդեն` կարելի կ՛ըլլայ 22 նոյեմբերին` Լիբանանի անկախութեան շքերթը ամբողջական կազմով իրականացնել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իրենց խօսքը ըսին եւ կեցուածքը յստակօրէն փոխանցեցին: «Իւրաքանչիւր ղեկավար պէտք է հասկցած ըլլայ ժողովուրդին փոխանցած պատգամը: Ես` իբրեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, գիտեմ, որ ՀՅԴ-ն երեք երեսփոխանով ներկայացուած է խորհրդարանին մէջ, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը ներկայացնող երկու նախարար չեմ պահանջեր: Այլ` մէկ նախարար` ՀՅԴ-ին, իսկ երկրորդը հայ համայնքին նախարարն է: Հետեւաբար երկրորդ նախարարը կը պահանջեմ իբրեւ լիբանանահայութեան իրաւունքը` մեկնելով այն իրականութենէն, որ 30 հոգի հաշուող կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարար պէտք է ըլլայ: Եթէ ես առաստաղը բարձրացնեմ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար երկու նախարար պահանջեմ, թնճուկ յառաջացուցած կ՛ըլլամ», ըսաւ ան` վերահաստատելով, որ հիմնական հարցը վարչակարգն է եւ կարգ մը համայնքներու պարագային նախարարութիւններու մենաշնորհը դարձնելը:

Յ. Բագրատունի խստիւ քննադատեց Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան գծած տգեղ պատկերը եւ համայնքներու միջեւ խտրականութիւնը: Ան հաստատեց, որ կենսոլորտի ապականումէն, ջուրէն, ելեկտրականութենէն եւ մարդկային իրաւունքներէն աւելի լուրջ հարց է համայնքային ապականումը` շեշտելով, որ համայնքային դրութիւնը պէտք է ջնջել:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը եւ համաձայնութիւնը ռազմավարական է: «Այդ յարաբերութիւնը նախարար նշանակելէ շատ աւելի մեծ է: Ճիշդ է, որ համակիրներուն միջեւ կրնայ ըսի-ըսաւներու ալիք մը յառաջանալ, յատկապէս ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն: Սակայն անոնց միջեւ յարաբերութիւնը շատ աւելի խոր է: Պատահած է, որ անոնք տարակարծիք ըլլան, սակայն ատիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն կը ձգէ այդ համաձայնութեան վրայ», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ եթէ այս կառավարութիւնը լիբանանեան իշխանութեան առաջին կառավարութիւնն է, ապա պէտք է այդ կառավարութեան մաս կազմել կատարեալ պատասխանատուութեամբ եւ բազմապատկուած աշխատանքով` փաստելու համար, որ քաղաքական աշխատանքը կարելի է օժտել իտէալական եւ օրինակելի նոր մտածելակերպով:

Անդրադառնալով լիբանանեան մամուլով լոյս տեսած նիւթերուն գլխաւոր խորագիրներուն` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ երբեմն այդ լուրերն ու խորագիրները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ լիբանանցիները ուրախ են Իրանի դէմ պատժամիջոցներով, որովհետեւ անոնք կրնան Հըզպալլայի վրայ իրենց հետեւանքները ունենալ, երբեմն ալ կը թուի, որ հրճուանք մը կայ, թէ Միացեալ Նահանգները ճնշում կը բանեցնեն Սէուտական Արաբիոյ վրայ: «Այս բոլորը սակայն կը կատարուի առանց իբրեւ լիբանանցիներ մենք մեր մասին մտածելու: Մենք մեր մասին մտածել պէտք է սորվինք: Պէտք է մեզի համար յստակ ըլլայ, որ բոլոր պետութիւններուն նման ամերիկեան պետութիւնն ալ միայն իր շահերով հետաքրքրուած է: Օր մը յանկարծ մեծ պետութիւնները կը համաձայնին, եւ մենք կ՛ըլլանք տուժող կողմը: Դժբախտաբար մենք ասիկա ո՛չ անկախութեան ընթացքին, ո՛չ 1952-ի, ո՛չ 1973-ի դէպքերուն, ո՛չ պաղեստինցիներուն հարցին, ո՛չ 1975-ին, ո՛չ Թաէֆի եւ ո՛չ ալ Տոհայի ընթացքին կրցանք սորվիլ: Սուրիոյ հարցով ի՛նչ մեկնաբանութիւններ կատարուեցան ժողովրդավարութեան մասին, մինչդեռ այդ պետութիւնները, որոնք ճանչցուած են մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան իրենց արժանիքներով, ոչ իսկ ժողովրդավարութեան «ժ» տառին մասին կը խօսին: Մենք առաջին օրէն իսկ շեշտած էինք, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը յեղափոխութիւն չէ, այլ` շրջանին մէջ նոր պատերազմ մը, որուն նպատակները արաբներուն հետ կապ չունին, եւ հաստատ Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու շահերը կը պաշտպանեն: Պէտք է հասկնալ, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որ Լիբանանին կ՛օժանդակէ, որովհետեւ անիկա պատգամի երկիր է, կամ զբօսաշրջութեան երկիր, կամ քաղաքակրթութիւններու օրրան. քաղաքականութեան մէջ այս բոլորը կ՛օգտագործուին իբրեւ խորագիրներ: Վաղը եթէ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան համաձայնին, մենք ի՞նչ ըրած կ՛ըլլանք. պարզապէս վեց ամիս երկիրը սառեցուցած կ՛ըլլանք», հաստատեց ան:

Հարցազրոյցին ընթացքին ընթերցուած Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակին մասին երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանիի յօդուածին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ներկայացուց պատմական փաստ մը, որուն համաձայն, ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան հրահանգով օսմանեան լուծէն Լիբանանը եւ Պաղեստինը ազատագրող ջոկատը հայկական ջոկատն էր եւ անունն էր Կիլիկիա ու կազմուած էր Կիլիկիայէն տեղահանուած հայերով:

Երեսփոխան Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց վերահաստատելով Պըրրիին ուղղուած իր կոչը` սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին լուծում գտնելու իմաստով:

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Սառած` Հակառակ Այդ Գծով Շարունակուող Խորհրդակցութիւններուն

Յաջորդը

Շանթ Յարութիւնեան Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.