Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Բանակին Ուղղեց Օրուան Հրահանգը

November 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով օրուան հրահանգը ուղղեց լիբանանեան բանակին:

Զօր. Աուն զինուորներուն յայտնեց, թէ անկախութեան ադամանդեայ յոբելեանը իսկական առիթ մըն է մտածելու, որ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած Լիբանանը 22 նոյեմբեր 1943-ին իր անկախութիւնը կերտած է լիբանանցիներուն կողմէ օտար հոգատարութեան դէմ մղուած երկար պայքարին շնորհիւ եւ ոչ թէ շրջանային եւ միջազգային նպաստաւոր պայմաններուն բերումով:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը եւս ծնունդ է անկախութեան եւ իր ուղեգիծով, առաքելութեամբ ու զոհողութիւններով կը փաստէ, թէ տակաւին ատակ է պահպանելու երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:

«Բանակը պիտի պաշտպանէ երկիրը, ազգային միասնականութիւնը, լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը` առանց զլանալու իր մատուցած զոհողութիւններուն մէջ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ իր թափած արեամբ կրցած է փայլուն էջեր կերտել: «Միջազգային հսկայ բախումներու ժամանակաշրջանին, դուք հարաւային Լիբանանի մէջ կազմ ու պատրաստ կը սպասէք` ձախողցնելու համար թշնամի Իսրայէլն ու անոր սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ կը կաշկանդէք լիբանանեան հողերուն եւ բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու անոր ախորժակները: Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի նոյն ընթացքով շարունակելու եւ զինուելու ձեր հողին ու ժողովուրդին նկատմամբ ձեր սուրբ իրաւունքով, ինչպէս նաեւ պահպանելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ ձեր գործակցութիւնը, որ կ՛իյնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան ծիրին մէջ: Գիտեմ նաեւ, որ անհամբեր էք ազատագրելու Մազարեհ Շեպաան ու Քֆարշուպայի բարձունքները եւ ձեր դիրքերը հաստատելու հիւսիսային Ղաժարի մէջ», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, որ բանակայիններուն հիմնական միւս աշխատանքն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որուն մէջ յաջողած է` գերազանցելով ինքզինք երկիրը մաքրագործելու եւ ահաբեկչական գործողութիւնները բացայայտելու իր կարողութիւններուն մէջ:

«Քաջ պէտք է գիտնաք, որ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը արդիւնք է ձեր զոհողութիւններուն եւ մնայուն աշխատանքին, յատկապէս ահաբեկչութեան քնացած բջիջներուն դէմ ձեր մղած պայքարին», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն յորդորեց բանակայինները մնալու զգաստ եւ պատրաստ` դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր: «Ինչպէս որ մայրին Լիբանանի դրօշին մէջտեղ կը գտնուի, բանակը հայրենիքին սրտին մէջ կը գտնուի: Հետեւաբար վերածուեցէ՛ք անոր երակներու զարկին, հզօրացէ՛ք ժողովուրդին վստահութեամբ եւ նահատակներուն աւանդով, որպէսզի դարձեալ փաստած ըլլաք, թէ հայրենիքին հզօր պարիսպներն էք եւ անկախութեան հաւատարիմ պաշտպանները», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Հանդիպի Ղազի Արիտիին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.