Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով. Վարչապետ Հարիրի Մաղթեց, Որ Լիբանանի Կայունութիւնը Ամրապնդուի

November 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կազմը պատրաստ է եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութիւնը կը վայելէ, բացի այն ուժէն, որ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը կը ցանկայ:

Մուսթաքպալ պլոքը անդրադարձաւ նաեւ Ռամլեթ Պայտայի մէջ կոյուղիներու ողողումներու հարցին եւ լսեց այդ մասին երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի պատրաստած զեկուցումը:

Պլոքը որոշեց այդ արարքին պատասխանատուներուն դէմ դատական հարց յարուցել` հաստատելով, որ Պէյրութի քաղաքապետարանը  կաշառուած ոեւէ պատասխանատու պիտի չծածկէ:

Մուսթաքպալ պլոքը Մոհամետ մարգարէի ծննդեան եւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց լիբանանցիներուն:

Միւս կողմէ, թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն վարչապետ Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդուի, եւ լիբանանցիները համախմբուին խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ ազգային համերաշխութեան պատգամին շուրջ:

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, վարչապետ Հարիրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփէն, որ հաստատեց Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութեան առնչութեամբ իր խոր յարգանքը:

Թրամփ ջերմ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով եւ լիբանանցիներուն բարեմաղթութիւններ յղեց:

Ան բարձր գնահատեց ընթացաւարտ կառավարութեան իրագործած անցեալ տարեշրջանի աշխատանքները, որոնց շարքին նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարն ու ցուցաբերուած գոյատեւումը:

Թրամփ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մաղթեն գործակցիլ նոր եւ այնպիսի կառավարութեան հետ, որ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ քաղաքական անկախութեան:

Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր կը մնան բարգաւաճ, ապահով եւ խաղաղ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութեան:

Վարչապետ Հարիրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն, Թունուզի վարչապետ Եուսեֆ Շահետէն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթէն:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Վարչապետը Ներկայացուց Միջին Արեւելքի Եւ Ափրիկէի Ազատ Շուկաներու Միութեան Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Թրամփ Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.