Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, երէկ կէսօրէ առաջ Եարզէի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն այս առիթով նախագահ Աունին ուղղեց իր խօսքը, որուն մէջ յայտնեց, թէ 1943-ին այս օրերուն լիբանանցիները յեղափոխութիւն կատարեցին` հաստատելով ազատ ապրելու իրենց կամքը: «Այդ պատճառով ալ լիբանանցիները պայքարեցան ի խնդիր իրենց նպատակներուն իրագործումին` կարենալով ապահովել իրենց կարիքները: Այս առիթով մենք կը խոնարհինք բռնագրաւողին դէմ պայքարող հաւատարիմ հերոսներու յիշատակին: Կը խոնարհինք այն ազատականներու յիշատակին առջեւ, որոնք մերժեցին անիրաւութիւնն ու վարկաբեկումը եւ զօրութեամբ կառչած մնացին իրենց իրաւունքին ու արդարութեան` Լիբանանի անունը բարձր պահելով, որպէսզի Լիբանանը մնայ ազատութեան եւ խաղաղութեան ամրոց, քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան ու գործակցութեան վայր, ճառագայթող փարոս եւ մարդկային ներողամտութեան օրրան», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է պահպանել անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը բոլոր ճակատամարտներուն ընթացքին` ըլլան անոնք խաղաղ թէ արիւնալի մարտեր, որպէսզի Լիբանանի անկախութիւնը իբրեւ իրականութիւն մարմնաւորուի գետնի վրայ:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ նախագահ Աունի եւ անոր իշխանութեան ուսերուն կայ ազգային պարտականութիւններ իրականացնելու բեռը` աւելցնելով, որ բանակին պարտականութիւնն է պաշտպանել պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները` այդ պետութիւնը նկատելով լիբանանեան ընկերութեան միակ երաշխիքը: Ան նշեց, որ իսկական անկախութիւնը կ՛իմաստաւորուի ջանքերու հետեւողականութեամբ: «Մենք կը հաւատանք, որ արձանագրուած իրագործումները պարզապէս առաջին քայլերն են, որոնք մեզի յաւելեալ լաւատեսութիւն եւ վճռակամութիւն կը պարգեւեն` բանակին հզօրացման եւ անոր կարողութիւններուն արդիականացման իմաստով», ընդգծեց զօր. Աուն:
Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն` բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ բանակին հաւատքը խոր է անոնց կամքին հանդէպ: «Մեզի նկատմամբ ձեր վստահութեամբ պատուեցիք մեզ, մեր քայլերուն յաւելեալ վճռակամութիւն շնորհեցիք եւ համոզումով ու հաւատարմութեամբ զօրակցեցաք մեր ընթացքին` առանց կասկածի տակ առնելու կամ երկմտելու մեզի նկատմամբ ձեր հաւատքին ու վստահութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ դարձաք մեր արձանագրած յաղթանակներուն հիմնական նահատակները», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով բանակայիններուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակը 75 տարուան ընթացքին միշտ ալ յանձնառու մնացած է իր պարտականութեան եւ հաւատարիմ իր երդումին` պաշտպանելով հայրենիքը, քաղաքացին ու երկրին արժանապատուութիւնը: Ան բարձր գնահատեց ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու եւ անոր ապահովական ենթակառոյցը քանդելու իմաստով բանակին արձանագրած նուաճումը` ընդգծելով, որ անոր ուշադրութիւնը այժմ կեդրոնացած է հայրենիքին հարաւային սահմաններուն վրայ, ուր կը գտնուի իսկական թշնամին:
Ապա զօր. Աուն նախագահ Աունին, Պըրրիին եւ Հարիրիին նուիրեց յուշանուէրներ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք եւ անկախութեան 75-ամեակի կարկանդակի հատում:



